Որոնել

Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի Չինաստանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի 

Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութիւնը Չինաստանի մէջ եպիսկոպոսի մը գահակալութեան արարողութեան վերաբերեալ, Սուրբ Աթոռի կողմէ չճանչցուած թեմի մը մէջ։

Սուրբ Աթոռը մաղթեց, որ չկրկնուին նմանատիպ դրուագներ ու կը սպասէ համապատասխան հաղորդակցութիւն այդ հարցի վերաբերեալ իշխանութիւններուն կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Սուրբ Աթոռը զարմանքով եւ ափսոսանքով ստացած է գերապայծառ Փենք Վէյզհաոյի գահակալութեան արարողութեան լուրը, որ տեղի ունեցած է նոյեմբեր 24ին, Նանչանք քաղաքին մէջ, որպէս Jiangxi"թեմի օգնական եպիսկոպոս, Սուրբ Աթոռի կողմէ չճանչցուած թեմի մը մէջ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ վերոյիշեալ իրադարձութիւնը արդարեւ տեղի չ՝ունեցաւ Վատիկանի եւ Չինաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկխօսութեան հոգիին համաձայն, այն ինչ որ ամրագրուած էր եպիսկոպոսներու անուանումի վերաբերեալ 22 սեպտեմբեր 2018ին, ժամանակաւոր համաձայնագիրին մէջ։

Գերապայծառ Փենիքի քաղաքացիական ճանաչումի նախորդած է՝ ըստ ստացուցած լուրերուն, տեղի իշխանութիւններուն երկար եւ ծանր ճնշումը։

Սուրբ Աթոռը կը մաղթէ, որ չկրկնուին նմանատիպ դրուագներ ու կը սպասէ համապատասխան հաղորդակցութիւն այդ հարցի վերաբերեալ՝ իշխանութիւններուն կողմէ եւ կը վերահաստատէ իր լիակատար պատրաստակամութիւնը շարունակելու յարգուած երկխօսութիւնը, ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2022, 12:12