Որոնել

1669227490465.jpg

Խաղաղութիւն ապահովելը կ՛ենթադրէ պատերազմի լիակատար մերժում. Գերապայծառ Կալլակէր

Գերապայծառ Կալլակէր անհրաժեշտ նկատեց նաեւ «ապահովել խաղաղութեան հիմքերը» ընդգծելով, որ այդ մէկը «միայն հակամարտութեան բացակայութիւնը չէ այլ ազգերու միջեւ վէճերու խաղաղ լուծումը, նպատակ ունենալով պաշտպանել մարդու և ժողովուրդներու իրաւունքները, ներառեալ խղճի և կրօնի ազատութեան իրաւունքը»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն Միաբանութիւններու Մեծաւորներու միութիւնը Հռոմի մէջ գումարած է իր 98րդ ընդհանուր ժողովը, որուն այս տարուայ բնաբանը ներշնչում քաղած է Ֆրանչիսկոս Պապին եղբայրութեան նուիրուած յորդորագիրէն.  «Fratelli Tutti. կոչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ»։ 

Վերոնշեալ ժողովի բացման նիստին առթիւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրը, որ այս առթիւ անհրաժեշտ նկատեց «Խթանել ընկերային զարգացումը ապագայ սերունդները պատերազմէն փրկելու համար» աւելցնելով, որ «Եկեղեցւոյ առօրեայ աշխատանքը չի կրնար զանց ընել այդ յանձնառումը»։

Գերապայծառ Կալլակէր ակնարկեց ապա խաղաղութեան ի սպաս երկխօսութեան հիմնական պահանջին, դիտել տալով` թէ Ֆրանչիսկոս Պապը վերընթերցելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրականութիւնը կը խօսի երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին ու թէ «Խաղաղութեան ապահովումը առաջին հերթին կ՛ենթադրէ պատերազմի լիակատար մերժում և ցանկացած գնով երկխօսութեան ձգտում՝ օգնելով ստեղծել աճող վստահութեան մթնոլորտ, որ կարող ըլլայ երաշխաւորել դէպի ապագայի ուղին»։

Գերապայծառ Կալլակէր անհրաժեշտ նկատեց նաեւ «ապահովել խաղաղութեան հիմքերը» ընդգծելով, որ այդ մէկը «միայն հակամարտութեան բացակայութիւնը չէ այլ ազգերու միջեւ վէճերու խաղաղ լուծում, նպատակ ունենալով պաշտպանել մարդու և ժողովուրդներու իրաւունքները, ներառեալ խղճի և կրօնի ազատութեան իրաւունքը»:

Միաբանութիւններու Մեծաւորներու միութեան 98րդ ընդհանուր ժողովը պիտի աւարտի վաղը` 25 նոյեմբերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2022, 10:24