Որոնել

Ուքրանիան ցուրտ վիճակի մէջ։ Ուքրանիան ցուրտ վիճակի մէջ։ 

Կարդինալ Փարոլին. «Կարելի չէ Ուքրանիան ձգել մթութեան եւ ցուրտի մէջ»։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը նպաստելու այն բանակցութիւններուն, որոնք վերջ կը դնեն Ուքրանիոյ պատերազմին, թէեւ դիւանագիտութիւնը մինչ այժմ մեծ արդիւնքներ չէ արձանագրած։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի մէջ Եւրոպական համալսարանի ուսումնական տարուան բացման արարողութեան առթիւ, Tv2000 հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին, վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը խաղաղութեան ի նպաստ։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի պատրաստակամութիւնը նպաստելու այն բանակցութիւններուն, որոնք վերջ կը դնեն Ուքրանիոյ պատերազմին, թէեւ դիւանագիտութիւնը մինչ այժմ մեծ արդիւնքներ չէ արձանագրած։

Պապին պատրաստակամութիւնը

Կարդինալ Փարոլին հարցազրոյցին ընթացքին նկատել տուաւ, որ Սուրբ Աթոռը սկիզբէն ի վեր միշտ պատրաստակամ գտնուած է ։ Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակ կրկնած է պատերազմը դադրեցնելու կամքը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւնը՝ պայմաններ եւ միջավայրեր առաջարկելու՝ որպէսզի դա տեղի ունենայ։ Բայց մինչեւ օրս պատասխաններ չկան։

Սուրբ Աթոռի գործողութեան երեք գիծերը։

«Երեք գիծերը որոնց վրայ սուրբ Աթոռը կը գործէ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, «նախ եւ առաջ Պապին պատերազմը դադրեցնելու պատգամն ու կոչերն են, ապա կայ մարդասիրական երեւոյթը, քանզի Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը միշտ աւելի անկայուն կը դառնայ ՝մինչ բնակչութիւնը կը մնայ մթութեան եւ ցուրտի մէջ քաղաքացիական կառոյցներու վրայ ռմբակոծման պատճառով, ինչ իսկապէս աներեւակայելի է, ապա կայ դիւանագիտական գործողութիւնը, որ այս պահուն մեծ արդիւնքներ չէ արձանագրած։ Ըսաւ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2022, 11:43