Որոնել

 «Քորոնա» ժահրի քննութեան սարքեր «Քորոնա» ժահրի քննութեան սարքեր 

Հայկական արտադրութեան «Քորոնա» ժահրի քննութեան սարքերը պատրաստ են։

Հաստատուած պարագաներուն թիւը հասաւ 21,717ի, ապաքինածներունը՝ 10,797ի, ներկայիս բուժուողներունը՝ 10,404ի, մահերունը՝ 386ի, իսկ ընդհանուր քննութիւններունը՝ 100,400ի։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնեց, որ հայկական արտադրության «Քորոնա» ժահրի քննութեան սարքերը պատրաստ են։

«Նրանք կը վերցուեն օգտագործման առողջապահութեան նախարարութեան կողմից պետական պատուէրով իրականացուող հետազօտութիւնների համար։ Սա շատ լուրջ առաջընթաց է մեր բժշկագիտութեան եւ հիմնարար գիտութիւնների համար», յայտնեց Թորոսեան։

Առողջապահութեան նախարարը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Մոլեքիւլըր» կենսաբանութեան հիմնարկին՝ քննութեան սարքեր մշակելուն եւ արտադրելուն համար, ինչպէս նաեւ պարէտատան՝ անոնց մշակման համար անհրաժեշտ պարագաները եւ նիւթերը ձեռք բերելուն եւ Հայաստան ներածելուն համար:

Միւս կողմէ, սակայն, կը շարունակէ մեծապէս աւելնալ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը՝ 24 Յունիսի դրութեամբ աւելնալով 711 նոր պարագաներով. պաքինած են 653 անձեր եւ մահացած՝ 14 ուրիշներ։

Հաստատուած պարագաներուն թիւը հասաւ 21,717ի, ապաքինածներունը՝ 10,797ի, ներկայիս բուժուողներունը՝ 10,404ի, մահերունը՝ 386ի, իսկ ընդհանուր քննութիւններունը՝ 100,400ի։
Վարակուածներ կան նաեւ Ազգային ժողովին մէջ. Ազգային ժողովի աշխատակազմի փոխնախագահ Լիլիթ Մինասեան հաստատեց, որ երեք պատգամաւորներ վարակուած են, կայ պարագայ մըն ալ աշխատակազմին մէջ:

«Ունենք 3 հաստատուած դէպք` «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Քրիստինէ Պօղոսեանը, Վիկտոր Ենգիբարեանը եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Էնֆիաջեանը», յայտնեց Մինասեան:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 11:50