Որոնել

Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդի մը եւ հիւանդապահուհի լուսնակար Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդի մը եւ հիւանդապահուհի լուսնակար 

Հայաստան Արցախ ֆոնտը Հայրենիք կ՛առաքէ COVID-19-ի դէմ պայքարելու համար 181,000 տոլարի դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ։

2020-ի առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը նաեւ 6 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթեց Հայաստանին եւ Արցախին։

Յունիս 12-ին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը Երեւան առաքեց COVID-19 ժահրին դէմ պայքարելու համար 181,000 տոլար ընդհանուր արժէքով դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ։ Այս առաքման շնորհիւ՝ կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ 1500 հիւանդներու դարմանում տրամադրել։

2020-ի առաջին հինգ ամիսներուն ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը նաեւ 6 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթեց Հայաստանին եւ Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ ֆոնտը 5.8 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ պիտոյքներ ապահովեց AmeriCares կազմակերպութենէն (5 միլիոն տոլար) եւ Direct Relief կազմակերպութենէն (741,000 տոլար)։

Ունկնդրէ լուրը

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրեցին նաեւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի ընկերութիւնը (76,000 տոլար), «Ակաբէ» ծրագիրը ($40,000 տոլար), եւ Հայ Կրթական բարեգործական միութիւնը (36,000 տոլար)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական պիտոյքները առաքուեցան ՀԲԸՄ-ի «Քլոտիա Նազարեան» սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, «Արաբկիր» միացեալ մանկական բարեգորածական հիմնադրամին, Աւագ բժշկական կեդրոնին, Հայաստանի օգնութեան հիմնարկին, «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան, «Մուրացան» մանկական գեղձաբանական կեդրոնին, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն։

Անցած 31 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստանին եւ Արցախին հայթայթած են 897 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2470 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւոր կերպով կ՛առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ»,- յայտնեց Հայաստան Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով․ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 08:00