Որոնել

Քովիտ19 համաճարակէն պաշտպանուելու դիմակ Քովիտ19 համաճարակէն պաշտպանուելու դիմակ 

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը պատրաստ է իր ամբողջ ներուժով աջակցելու Հայաստանին

Հանս Քըլիւկէ պատրաստակամութիւն յայտնեց կազմակերպութեան ամբողջ ներուժով եւ գործիքակազմով աջակցելու Հայաստանի մէջ գործադրուող ջանքերուն

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան տեսազրոյց մը ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւրոպական գրասենեակի տնօրէն Հանս Քըլիւկէի հետ, կը հաղորդէ
«Արմէնփրես»։

Կողմերը քննարկեցին երկկողմանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ վերջին ամիսներուն օրակարգային հարց դարձած «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին մէջ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Արսէն Թորոսեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը, կատարուած եւ ընթացիկ քայլերը, նաեւ տեղեկացուց նախատեսուող աշխատանքներուն մասին:

Զրոյցը ընդգրկեց կողմերը հետաքրքրող հարցերու լայն շրջանակ` մարդոց վարքագծային փոփոխութիւններու կարգաւորումէն մինչեւ նեղ մասնագիտական հարցեր:

Հանս Քըլիւկէ դարձեալ պատրաստակամութիւն յայտնեց կազմակերպութեան ամբողջ ներուժով եւ գործիքակազմով աջակցելու Հայաստանի մէջ գործադրուող ջանքերուն` ինչ որ թոյլ պիտի տայ յաղթահարելու համաճարակին վերաբերեալ բոլոր հարցերը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 08:09