Որոնել

ՀՀ Կառավարութիւնը որոշեց արտակարգ դրութեան ժամկէտը եւս 30 որով երկարաձգել: ՀՀ Կառավարութիւնը որոշեց արտակարգ դրութեան ժամկէտը եւս 30 որով երկարաձգել: 

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ արտակարգ իրավիճակի ժամկէտները երկարաձգուած են

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահր հիւանդութեան հետեւանքով առաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին ու առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման։
Ունկնդրէ լուրը

ՀՀ Կառավարութիւնը, 2020 Յունիս 12-ի արտահերթ նիստին, մէկ ամիսով երկարաձգեց արտակարգ դրութիւնը: Արտակարգ դրութիւնը պիտի աւարտի վաղը՝ Յունիս 13-ին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «քորոնա» ժահր հիւանդութեան հետեւանքով առաջացած արտակարգ իրավիճակը կը շարունակէ սպառնալ բնակչութեան կեանքին ու առողջութեան եւ կրնայ յանգեցնել անձերու կենսագործունէութեան բնականոն պայմաններու խախտման։

2020 Մարտ 16-ին արտակարգ դրութիւն յայտարարելու համար հիմք ծառայած հանգամանքները դեռ չեն վերացած, որուն մասին կը վկայեն, մասնաւորապէս, Յունիս 12-ի դրութեամբ հաստատուած «քորոնա» ժահր հիւանդութեան դէպքերը, ինչպէս նաեւ այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վարակի յետագայ տարածումը եւ վարակի դէպքերու թիւի աճը կը շարունակեն սպառնալ մարդոց կեանքին ու առողջութեան»,- ըսուած է որոշման մէջ։

Այս ուղղութեամբ նշենք նաեւ որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւս՝ Յունիս 11-ին ստորագրած է hրամանագիր, որուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի Ապրիլ 12-ին յայտարարուած եւ մինչեւ Յունիս 11-ը երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է 30 օրով` 2020 թուականի Յունիս 11-ի, ժամը 22:00-էն մինչեւ 2020 թուականի Յուլիս 11-ը, ժամը 22:00-ը ներառեալ:

Քաղուած Եռագոյն էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2020, 10:38