Որոնել

Քովիտ19 ժահրը Հաայաստանի մէջ Քովիտ19 ժահրը Հաայաստանի մէջ 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ. Աշխարհին մէջ մէկ միլիոն բնակչութեան համեմատութեամբ Հայաստան 9-րդ դիրքին վրայ է։

Աշխարհի մէջ մէկ միլիոն բնակչութեան հաշիւով վարակման պարագաներու բարձր թիւեր ունին Քաթարը, Սան Մարինօն եւ Պահրէյնը՝ համապատասխանաբար 35,952, 20,571 եւ 17,525 պարագաներով:

7 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 29.285 պարագայ, որոնցմէ 16.907-ը` ապաքինած:

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 349 նոր պարագայ, 605 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 125.088:

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 503-ի:

Այս տուեալներով երկրին մէջ մէկ միլիոն մարդու հաշուով արձանագրուած է 9882 դէպք: Ըստ այդ ցուցանիշին, Հայաստան աշխարհի մէջ 9-րդ դիրքին վրայ է` շրջանցելով Միացեալ Նահանգները, Իտալիան եւ Սպանիան:

Աշխարհին մէջ մէկ միլիոնի բնակչութեան հաշուով վարակման դէպքերու բարձր թիւեր ունին Քաթարը, Սան Մարինոն եւ Պահրէյնը` համապատասխանաբար 35.952, 20.571 եւ 17.525 պարագայով:

Ըստ https://www.worldometers.info/coronavirus/-կայքին, Միացեալ Նահանգները, ուր արձանագրուած է վարակուածներու շատ մեծ թիւ (3.041.129), մէկ միլիոն մարդու հաշուով վարակման դէպքերու թիւով 13-րդն է աշխարհի մէջ (9187):

Ինչ կը վերաբերի «Քորոնա»-էն մահացութեան պարագաներուն, ապա Հայաստանի մէջ արձանագրուած է մահուան 503 դէպք. այս ցուցանիշով Հայաստան այժմ 25-րդ դիրքին վրայ է աշխարհի մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 06:40