Որոնել

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը 

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը «Քորոնա» ժահրի համաճարակէն ետք աշխարհի ցարգացման երկու բեմագրութիւն նշած է։

Ընդհանուր քարտուղարին համար` թէեւ անկարելի է կանխատեսել ապագան, ան համաճարակի աւարտէն ետք աշխարհի զարգացման միայն երկու հաւանական բեմագրութիւն կը տեսնէ` լաւատեսական եւ յոռետեսական:

 

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը խորացուցած է թէ՛ երկիրներուն մէջ, թէ՛ ալ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ անհաւասարութեան առնչուած առանց այդ ալ բարդ իրավիճակը: Համաճարակի աւարտէն ետք աշխարհը պիտի ունենայ հետագայ զարգացման միայն երկու բեմագրութիւն: Այս մասին «Աֆթոնպլատեթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը:

Ան յօդուածին մէջ նշած է, որ թէեւ անկարելի է կանխատեսել ապագան, ան համաճարակի աւարտէն ետք աշխարհի զարգացման միայն երկու հաւանական բեմագրութիւն կը տեսնէ` լաւատեսական եւ յոռետեսական:

Ընդհանուր քարտուղարին կարծիքով` այդ ուղիներէն վատագոյնը կ՛ենթադրէ համաշխարհային անկում, որ պիտի ուղեկցուի խտրականութեամբ եւ այլատեացութեամբ:

«Եթէ այս բեմագրութիւնը կեանքի կոչուի, մենք պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը սաստկանան խտրականութիւնը, ամբոխավարութիւնը եւ այլատեացութիւնը: Իւրաքանչիւր երկիր ինքնուրոյն պիտի գործէ կամ այսպէս կոչուած համախմբումներու մէջ, որոնք կ՛ուզեն համագործակցիլ միայն որոշ շօշափելի խնդիրներու շուրջ», նկատած է ան:

Լաւատեսական դիպաշարն ալ կ՛ենթադրէ ընդհանուր վերականգնման եւ զարգացող պետութիւններուն օգնութիւն տրամադրելու յաջող ծրագիր:

Անոր համաձայն, այդ բեմագրութեան կեանքի կոչման պիտի օգնեն յառաջիկայ ինը ամիսներու ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէմ արդիւնաւէտ եւ մատչելի պատուաստանիւթի ի յայտ գալը:

«Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, իսկ տնտեսութիւնը աստիճանաբար վերականգնուի, մենք պիտի սկսինք շարժիլ ճիշդ ուղղութեամբ եւ երկու-երեք տարի ետք որոշ չափով պիտի վերադառնանք բնական վիճակին», նշած է Կութիերես:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, առայժմ դժուար է հասկնալ, թէ աշխարհը ո՛ր ուղղութեամբ կը շարժի, սակայն անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել առաջին բեմագրութենէն խուսափելու եւ երկրորդ բեմագրութեամբ շարժելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 08:15