Որոնել

Հիւանդապահ մը Հիւանդապահ մը 

«Քորոնա» ժահրը Հայաստանի մէջ մէկ յուլիսի դրութեամբ։

Ընդհանուր առմամբ, այս հիւանդութենէն մահացածներուն թիւը հասած է 453-ի:
Ունկնդրէ լուրը

1 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 26.065 պարագայ, որոնցմէ 14.563-ը` ապաքինած:

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 523 նոր պարագայ, 515 ապաքինում:

Ընդհանուր առմամբ, այս հիւանդութենէն մահացածներուն թիւը հասած է 453-ի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 08:51