Որոնել

Հիւանադապահ Հիւանադապահ 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 134 նոր դէպք, Արցախի մէջ 8։

Հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 44.783-ի,

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը հաղորդէ, որ 6 սեպտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 134 նոր դէպք, մահացած է 2 հոգի, ապաքինած է 266 հոգի:

Այսպիսով, հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը հասաւ 44.783-ի, ապաքինածներուն ընդհանուր թիւը 40.089 է, ներկայիս բուժուողներունը` 3522, ընդհանուր քննութիւնները` 218.139, մահերը` 897:

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Արցախի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 8 նոր դէպք` վարակուածներու ընդհանուր թիւը բարձրացնելով 312-ի, որուն 270-ը արդէն ապաքինած է: Ներկայիս կը բուժուին 40 անձեր, մեկուսացման մէջ են 65 ուրիշներ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 08:05