Որոնել

Քորոնավիրուսը Քորոնավիրուսը 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի 97 նոր դեպք, 634 առողջացած

«Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 43 878-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 563 անձ։
Ունկնդրէ լուրը

 Հայաստանի մէջ այսօր՝ 1 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 97 նոր  դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 43 878-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 563 անձ։

Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4373:

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 881-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի:

Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն  634-ն է։

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2020, 10:18