Որոնել

Հումանիթաս հիւանդանոց Հումանիթաս հիւանդանոց 

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւն.«Զօրակցութեան պակաս կայ»

Քովիտ 19 ժահրի դէմ պայքարի հայող երկիրներու յանձնառումի մասին խօսելով ԱՀԿ դիտել տուաւ թէ զօրակցութեան պակաս կայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն  Թեդրոս Կեպրեյեզուսը խօսելով    Քովիտ 19 ժահրի դէմ պայքարի հայող երկիրներու յանձնառումի մասին հաստատեց թէ կայ «Զօրակցութեան պակաս» մը, ու կայ նաեւ համաշխարհային տէրութիւններու ղեկավարութեան պակաս, դադրեցնելու համար համաճարակը, որ մինչեւ օրս պատճառեց  աւելի քան 900,000 զոհ, 28 մլն պարագայ որոնցմէ 8 միլիոնը Լատին Ամերիկայի մէջ։

Համաճարակի աւարտը մօտալուտ չէ կը հաստատաէ  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ու ՄԱԿ-ը եւս այս բերումով կոչ կ՛ուղղէ «որակային ոստումի» ի նպաստ, ֆինանսաւորելու համար պատուաստանիւթի որոնումը.

Մինչ այդ վարակումները կը շարունակեն աճ արձանագրել։ Հնդկաստանի մէջ արձանագրուած է 24 ժամուայ մէջ վարակումներու ամենաբարձր թիւը 96.551, վարակուած անձերու թիւը հասցնելով  4.562.414։ Հնդկաստանը արդարեւ Միացեալ նահանգներէն ետք աշխարհի վրայ Քովիտէն ամենաշատ հարուածուած երկրորդ երկիրն է։

Զօրակցութեան առնչութեամբ յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինք եւս ընդգծած է անոր կարեւորութիւնը յատկապէս համաճարակը դիմագրաւելու պայքարի ծիրէն ներս։

Անցեալ 2 սեպտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ան նշած էր. «Ներկայի համաճարակը ի յայտ դրաւ մեր իրարմէ փոխ կախուածութիւնը, մենք բոլորս իրարու կապուած ենք, մէկը միւսին, ըլլայ բարիի, ըլլայ չարի մէջ։ Ասոր համար այս տագնապէն աւելի լաւ դուրս գալու համար, պէտք է այդ մէկը ընենք միասին, բոլորս, զօրակցութեամբ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2020, 12:07