Որոնել

Հայաստանի մէջ սահմանափակումներու դրութիւն մինչեւ Յունուար 2021 Հայաստանի մէջ սահմանափակումներու դրութիւն մինչեւ Յունուար 2021 

Հայաստանի մէջ սահմանափակումներու դրութիւն մինչեւ Յունուար 2021, իսկ Արցախի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ

Պիտի արտօնուի կազմակերպել որոշ համախմբումներ, սակայն ոչ 60 հոգիէն աւելի անձերու մասնակցութեամբ:

11 սեպտեմբերէն մինչեւ յունուար 2021 Հայաստանի մէջ պիտի գործէ սահմանափակումներու դրութիւնը` «Քորոնա»-ի համավարակի լոյսին տակ:

Այս ընթացքին քաղաքացիները տունէն դուրս գալու ատեն պէտք է ունենան ինքնութիւն հաստատող փաստաթուղթ: Կանոնը սահմանուած է համապատասխան որոշումով:

Ունկնդրէ լուրը

Պիտի արտօնուի կազմակերպել որոշ համախմբումներ, սակայն ոչ 60 հոգիէն աւելի անձերու մասնակցութեամբ:

Միւս կողմէ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 սեպտեմբերին ստորագրեց hրամանագիր, որուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 սեպտեմբեր երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը 30 յաւելեալ օրով պիտի երկարաձգուի եւ երկարի մինչեւ 11 հոկտեմբեր: Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 08:29