Նախագահ Պայտըն Նախագահ Պայտըն 

Ամերիկա պիտի շարունակէ միջոցներ գործադրել հայ գերիներուն ազատ արձակման ուղղութեամբ. Պայտըն

«Ամերիկացիներուն անունով, ձեզի եւ հայ ժողովրդին կը մաղթեմ ուրախ ու ապահով Անկախութեան օր:

Հայաստանի անկախութեան 30րդ տարեդարձին առթիւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, ուր կ՛ըսուի.

«Ամերիկացիներուն անունով, ձեզի եւ հայ ժողովրդին կը մաղթեմ ուրախ ու ապահով Անկախութեան օր:

Մեր երկու երկրները միաւորուած են պատմական, ընտանեկան, բարեկամական կապերով, ներառեալ՝ 1.5 միլիոն ամերիկահայերով, որոնք իրենց ներդրումը կ՛ունենան մեր երկկողմանի կապերը հարստացնելու ու ամրապնդելու ջանքերուն մէջ: Այս տարի մենք կը տօնենք մեր երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն 30 տարին: Մենք պատրաստ ենք եկող տարիներուն շարունակելու աջակցութիւնը հայ ժողովրդին` ժողովրդավարականացման իր ուղիին մէջ, նեցուկ կանգնելով մասնաւորաբար ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, զեղծարարութեան դէմ պայքարի եւ իրաւունքի գերակայութեան ապահովման ձեր ջանքերուն:

Վերջին տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը մարտահրաւէրներու բախուեցաւ եւ արձանագրուեցան մարդկային ողբերգական կորուստներ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով: Կիսելով հայ ժողովուրդին վիշտը` մենք ձեռք-ձեռքի տուած պիտի աշխատինք ձեր կառավարութեան հետ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի եւ այլ տարածաշրջանային ձեւաչափերով` խթանելու տարածաշրջանային կայունութիւնն ու կարգաւորելու հակամարտութիւնը:

Միացեալ Նահանգները նաեւ պիտի շարունակէ միջոցներ գործադրել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակման ուղղութեամբ:

 Ի վերջոյ, մենք յանձնառու ենք շարունակելու համագործակցութիւնը համաճարակին դէմ պայքարին մէջ եւ այս նպատակով Միացեալ Նահանգները Հայաստանին յատկացուցած են աւելի քան 14.2 միլիոն տոլար:

 Ընդունեցէք Անկախութեան 30ամեակի առթիւ հայ ժողովուրդին ուղղուած իմ լաւագոյն բարեմաղթանքները»:

Աղբիւրը` «Ասպարէզ»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2021, 09:37