Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելած է Եռաբլուր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելած է Եռաբլուր 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելած է Եռաբլուր

Պանթէոնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Հոգեւորականներու դասը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներու եւ առաջնորդական փոխանորդներու հետ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան եւ անսասանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերած հայորդիներու յիշատակին: 

Պանթէոնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Հոգեւորականներու դասը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար: 

Նորին Սրբութիւնն ու եկեղեցականները առանձնաբար այցելեցին նաեւ ազգի հերոս զաւակներու շիրիմները՝ բերելով իրենց խոնարհումն ու աղօթքը։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2021, 08:25