Արամ Ա  Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

Հայրենիքին Անկախութիւնը Առանցքն Է Ազգի Հզօրութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:

Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը: 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք: Մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան ու յուսահատութեան մէջ կը տուայտի, անորոշ կը տեսնէ իր հայրենիքի ներկան եւ մութ` ապագան:

Արդարեւ, 30 տարիներ առաջ յաղթական էինք. այսօր պարտուած ենք: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս® Ժողովուրդը այս եւ բազմաթիւ այլ յարակից հարցումներուն պատասխանը կը սպասէ, հաշուեքննութիւն ու հաշուետուութիւն կը պահանջէ` համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով: Կարելի չէ անցեալը անցած նկատել: Ինքնաքննութիւնն ու ինքնասրբագրումը առաջին քայլն են Հայաստանը ներկայ անորոշ ու անկայուն վիճակէն դուրս բերելու:

Արտաքին ճակատի վրայ, վտանգալից ալիքներ կը մօտենան Հայաստանի ափերուն. մութ ամպեր կը կուտակուին Հայաստանի երկինքին վրայ: Պէտք է ըլլալ արթուն ու իրատես` յստակօրէն տեսնելով ու ճի՛շդ արժեւորելով մեր շուրջը տեղի ունեցող երեւելի ու աներեւոյթ զարգացումները:

Հակառակ միջազգային համայնքի զգուշացումներուն, Ազրպէյճանը յոխորտանքով կը յայտարարէ, թէ ինք Հայաստանի հետ իր հարցը լուծած է, Արցախը իր հողային ամբողջականութեան մաս կը նկատէ եւ աւելին` շարունակ Հայաստանի ամբողջականութիւնը հարցականի տակ դնող ու անվտանգութիւնը խախտող պահանջներ կը ներկայացնէ, եւ նոյնիսկ այս ուղղութեամբ որոշ քայլերու կը դիմէ:

Միւս կողմէն, Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակէն օգտուելով, Թուրքիան «բարի դրացնութեան» ձեռք կ’երկարէ Հայաստանին, յայտարարելով, թէ դրական ուղերձներ կը յղէ Հայաստան եւ դրական ուղերձներ կը ստանայ Հայաստանէն: Թուրքիան եւս, իր կարգին, պահանջներ ունի Հայաստանէն` փոխճանաչում շրջանի հողային տարածքներու ամբողջականութեան եւ դադարեցում Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումին:

Եւ փաստօրէն, մեր բարեկամ երկիրները շրջանի իրենց շահերէն թելադրուած, երբեմն լուռ եւ երբեմն բարձրաձայն, կը բաժնեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «խաղաղարար» մօտեցումները: Այսպէս, երէկուան դատեալը այսօր դարձած է դատաւոր, ամբաստանեալը` պահանջատէր, ցեղասպանը` իրաւատէր. եւ հին ու նոր օրերու ցեղասպաններուն դիմաց Հայաստանը մնացած է առանձին եւ դժբախտաբար, միշտ զիջողի դերին մէջ®

Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ ռազմաքաղաքական շահերու վրայ հաստատուած ու ծաւալապաշտական հեռանկարներէ առաջնորդուած համաթուրանական եւ համաթրքական նոր դաշնակցութիւն մը կը կազմաւորուի Կովկասի մէջ:

Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Ազրպէյճանի պահանջներուն ընթացք տալով Հայաստանը պիտի կտրատուի` կորսնցնելով իր հողային ամբողջականութիւնը եւ վտանգելով իր գերիշխանութիւնը:

Կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ Թուրքիոյ երկարած ձեռքը սեղմելով մոռացութեան պիտի դատապարտուի մեր ժողովուրդի հողային պահանջն ու ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ թուրք-ազերիական օղակի մէջ մնալով պիտի վտանգուի Հայաստանի անկախութիւնը:

Եւ այս բոլոր զարգացումները Հայաստանը պիտի դնեն անորոշ ապագայի դիմաց:

Փոքր երկիր ենք, շրջապատուած ոչ բարեկամ երկիրներով: Շրջանի աշխարհագրութիւնը կարելի չէ փոխել: Սակայն, կարելի է եւ` հրամայակա՛ն, աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններուն համահունչ այնպիսի մօտեցումներ որդեգրել ու դիրքորոշումներ ճշդել, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի գերագոյն շահերն ու անոր ապագան: Հայաստանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան ամուր պահպանումը մեր ժողովուրդին համար ազգային անտեղիտալի սրբութիւն է:

Այո՛, դիւանագիտութեան մէջ հարկ է ըլլալ ճկուն, բայց ո՛չ պարտուողական: Շրջանի աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու լոյսին տակ հարկ է ըլլալ իրատես, բայց ո՛չ զիջող: Ռազմաքաղաքական մեր բարեկամներու տեսակէտները հարկ է յարգել, ի պահանջել հարկին նաեւ նկատի ունենալ անոնց շահերը: Սակայն, հեռատեսութիւնն ու քաջութիւնը պէտք է ունենալ Ո՛Չ ըսելու բոլո՛ր պայմաններուն մէջ եւ բոլորի՛ն, մի՛շտ մեկնելով Հայաստանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:

Հայաստանը շրջապատող տագնապներն ու մարտահրաւէրները իրենց էութեամբ համահայկական բնոյթ եւ հետեւանք ունին: Հետեւաբար, կարելի՛ չէ, ճի՛շդ չէ, կառավարական ընթացիկ քննարկումներով որոշումներ կայացնել: Պատմութեան դիմաց հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք:

44-օրեայ պատերազմին առաջին շաբաթը վարչապետին առաջարկեցինք համազգային խորհրդակցութիւն մը կազմակերպել` մի՛ասնաբար դիմագրաւելու Արցախին դիմաց կանգնող ահաւոր սպառնալիքը: Նո՛յնը կը կրկնենք այսօր: Հայրենիքին ներկան մթագնող ու ապագան վտանգող ճակատագրական խնդիրները ու տագնապալից կացութիւնները անհրաժեշտ է համազգային ճիգով, կամքով ու տեսլականով դիմագրաւել: Ա՛յս կը թելադրէ մեր դարաւոր պատմութիւնը: Ա՛յս կը պարտադրէ նաեւ ներկայ ճգնաժամային կացութիւնը:

Անկախութիւնը աստուածատուր պարգեւ է եւ անոր պաշտպանութիւնը` սրբազան առաքելութիւն: Հայրենիքի անկախութիւնը առանցքն է ազգի հզօրութեան եւ երաշխիքը` յաւերժութեան: Արդ, Հայաստանի անկախութեան նշումը մեզի համար պէտք է դառնայ արթնութեան կոչ ու ազգային համախմբումի մարտահրաւէր: Բոլորուի՛նք հայրենիքին շուրջ եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ կերտենք հայրենիքի պայծառ ապագան: Թող Աստուած անսասան պահէ ու պահպանէ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը, մեր ազգին այս երեք անբաժանելի բեւեռները:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

21 սեպտեմբեր 2021
Անթիլիաս, Լիբանան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2021, 09:00