Որոնել

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունած է Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունած է Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունած է Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։

Կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք գիտաժողովի պատուիրակութիւնը թանգարանային շրջայց կատարեց վեհարանի «Ոսկեդարան» ցուցասրահին եւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ: Հիւրերը ծանօթացան Մայր աթոռի թանգարաններուն մէջ պահուող սրբութիւններուն եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսը երէկ ընդունեց 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին նուիրուած` «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին մասնակիցները: Հանդիպումին ներկայ էին գիտաժողովի հայ եւ օտարազգի զեկուցաբերները, նախաձեռնող հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, Վիքթոր Նատէին-Ռայեւսքին (Ռուսիա), Էմի Աուսթին Հոլմսը (Միացեալ Նահանգներ), Եղիա Թաշճեանը (Լիբանան), Իոննիս Մազիսը (Յունաստան) եւ այլք:

Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց գիտաժողովի մասնակիցներուն, գոհունակութեան խօսք ըսաւ եւ վերստին կարեւոր նկատեց գիտաժողովի կազմակերպումը: Վեհափառը մանրամասնութիւններ յայտնեց Վատիկանի եւ Մոսկուայի իր հանդիպումներուն մասին` տեղեկացնելով, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին ժամանակ, որուն մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդները, բարձրացուցած է գերիներու վերադարձի, Արցախի պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան եւ առնչակից այլ հարցեր:

Մոսկուայի պատուիրակ Վիքթոր Նատէին-Ռայեւսքին, անդրադառնալով 1921-ի Մոսկուայի պայմանագիրին, նշեց, որ անիկա իսկապէս անարդար եղած է:

Յոյն պատուիրակը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին ընդունելութեան համար: Անդրադարձ կատարուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եղբայրական յարաբերութիւններուն: Իոննիս Մազիս նշեց, որ հայերը եւ յոյները բարեկամ ժողովուրդներ են, եւ ի դէմս յոյն ժողովուրդին` հայերը ունին 12 միլիոն եղբայրներ:

Կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք գիտաժողովի պատուիրակութիւնը թանգարանային շրջայց կատարեց վեհարանի «Ոսկեդարան» ցուցասրահին եւ «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան մէջ: Հիւրերը ծանօթացան Մայր աթոռի թանգարաններուն մէջ պահուող սրբութիւններուն եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած 1921-ի  Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներու 100-ամեակին, տեղի ունեցաւ 19 հոկտեմբերին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ:

Գիտաժողովի կազմակերպիչներն էին Հայաստանի ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկը, Հայաստանի ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամը: Գիտաժողովին ներկայ էին անուանի պատմաբաններ, հայաստանցի եւ օտարազգի փորձագէտներ, հետազօտողներ, Հայաստանի ԳԱԱ գիտաշխատողներ, Հայաստանի ԳԱԱ արտասահմանեան անդամներ:

Նշենք նաեւ, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք գիտաժողովին մասնակիցները այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Սօսէ մայրիկի, Անդրանիկի, ինչպէս նաեւ արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներու զոհերու շիրիմներուն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2021, 11:12