Որոնել

Նախագահ Փութին Նախագահ Փութին 

Վատ խաղաղութիւնը նոյնիսկ աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը. Փութին

«Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) առանցքային դերը ինքնին խաղաղ համագործակցութեան եւ միացեալ աշխատանքի համար պայմաններ ապահովելն է՝ մեր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման եւ մեր քաղաքացիներու բարօրութեան բարձրացման ուղղուած»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ու Ռուսիոյ դերակատարութեան:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ձեռք բերուած զինադադարի դրութեան պահպանման երաշխաւորն է: Մեր աջակցութեամբ կ՛իրականացուի մարդասիրական բեռներու տեղափոխումը, տարածքներու ականազերծումը` ի դէպ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի տարածքին մէջ, կը վերականգնուին կենսակերպի ապահովման համակարգերը, բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի բնակչութեան», նշած է Փութին:

Ան ընդգծած է. «Այդ ամէնը անգամ մը եւս կը հաստատէ ռուսական իմաստութիւնը այն մասին, որ «վատ խաղաղութիւնը նոյնիսկ աւելի լաւ է, քան լաւ պատերազմը»:

«Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) առանցքային դերը ինքնին խաղաղ համագործակցութեան եւ միացեալ աշխատանքի համար պայմաններ ապահովելն է` ուղղուած մեր երկիրներու զարգացման ու բարգաւաճման, մեր քաղաքացիներու բարօրութեան բարձրացման», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը:

Աղբիւրը`Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2021, 09:17