Որոնել

«Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան շնորհաւորագիրը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին։ «Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան շնորհաւորագիրը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին։ 

«Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան շնորհաւորագիրը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին։

Ավրորայի համահիմնադիրները համոզմունք կ՛արտայայտեն որ « ստանձնելով Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան նուիրապետական աթոռի ղեկավարումը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. ջանք ու եռանդ պիտի չի խնայէ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հայ ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն համախմբելու գործին մէջ»։

Վատիկան Նիուզ

«Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Ռուբէն Վարդանեանը և Նուպար Աֆեյանը շնորհաւորական նամակ ուղղած են Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին որուն մէջ կը հայցեն Տիրոջ զօրակցութիւնը` Անոր «Աստուածահաճոյ առաքելութեան համար»։

Ավրորայի համահիմնադիրները համոզմունք կ՛արտայայտեն որ « ստանձնելով Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան նուիրապետական աթոռի ղեկավարումը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. ջանք ու եռանդ պիտի չի խնայէ հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման ու հայ ժողովուրդի հաւատացեալ զաւակներուն համախմբելու գործին մէջ», շարունակելով «իրականացնելի քրիստոնէական դաստիարակութիւնն ու քարոզչութիւնը, բարձր պահելով Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորի վեհանձնութեան, առաքինութեան, բարեգթութեան խաղաղասիրութեան եւ խորիմաստութեան բարի համբաւը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2021, 12:31