Որոնել

Ջուրը` կենսական միջոց Ջուրը` կենսական միջոց 

COP26. Ջրային հարցերով երիտասարդական խորհրդարանի նախագահ` Յասմիկ Պարսեղեանի վկայութիւնը։

Յասմիկ Պարսեղեան նախագահն է Ջրային հարցերով երիտասարդական խորհրդարանին ու մաս կը կազմէ COP26-ի հայական պատուիրակութեան։ Ան մասնագէտ է շրջակայ միջավայրի կառավարման, յատկապէս ջուրի եւ վերականգնուող ուժանիւթի, ու անդամ է ջուրի միջազգային գրասենեակի խորհուրդին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս օրերուն Կլազկով քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ՄԱԿ-ի կլիմային նուիրուած COP26 խորհրդաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանը։

Վատիկան Նիուզի ֆրանսական բաժնի գահընկերուհի Մարին Հանրիոթ որ որպէս թղթակից մեկնած էր Կլազկով, առիթը ունեցաւ զրուցելու «Ջրային հարցերով երիտասարդական խորհրդարանի նախագահ - «Youth european parliament for water» - Յասմիկ Պարսեղեանի հետ, որ մաս կը կազմէ COP26-ի հայական պատուիրակութեան ու մասնագէտ է շրջակայ միջավայրի կառավարման, յատկապէս ջուրի եւ վերականգնուող ուժանիւթի, ու անդամ է ջուրի միջազգային գրասենեակի խորհուրդին։

Ունկնդրէ Յասմիկ Պարսեղեանի միջամտութիւնը

Խօսելով COP26 խորհրդաժողովին իր մասնակցութեան մասին Յասմիկ Պարսեղեան նշեց, թէ ինք հանդիսանալով երիտասարդական միջազգային ցանցերու անդամ, իրենք կ՛ուզեն յատկապէս ընդգծել ջուրին դերը` կլիմայական փոփոխութեան հարցերու ծիրէն ներս, «որպէսզի որոշում կայացնողները, որոշակի փաստաթուղթերու ընդունման ժամանակ հաշուի առնեն ջուրի հետ կապուած մարտահրաւէրները»։

Անդրադառնալով ապա այս խորհրդաժողովէն իր սպասումներու մասին Յասմիկ Պարսեղեան բացատրեց թէ Փարիզի մէջ նշուած COP25 նման էր խոստումի մը ու թէ այժմ պահն է, որ այդ խոստումը վերածուի իրականութեան եւ միջազգային առաջնորդները աւելի շօշափելի քայլեր ձեռնարկեն կլիմայական փոփոխութեան հարցին ուղղութեամբ։

Յասմիկ Պարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ Միլանի եւ Կլազկովի մէջ կայացած կլիմային հայող Երիտասարդական Համընդհանուր հանդիպումներու մասին ու անոնց առթիւ երիտասարդներուն որդեգրած դիրքորոշումներու ու պահանջներուն մասին ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն դերակատարութեան ու գործունեայ մասնակցութեան` յաղթահարելու համար աշխարհին դիմաց կայացած կլիմայական փոփոխութեան խնդիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2021, 12:44