Որոնել

Արամ Ա Արամ Ա 

«Միջ-Եկեղեցական գործունէութեան կիզկէտը պէտք է դառնայ զանազանութեամբ արտայայտուող եկեղեցւոյ միութիւնը »

Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը «Unité des chrètiens« շաբաթաթերթին հետ

Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող եւ միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս իր կարեւոր խօսքը ունեցող Unité Des Chrétiens շաբաթաթերթին հետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերջերս Ֆրանսերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ:

Արդարեւ, միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակը պարզող հարցերուն պատասխանելով՝ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակին սկսած է նահանջ արձանագրել. երեւոյթ մը, որ հետեւանքն է համաշխարհայնացման ստեղծած նոր մտահոգութիւններուն, մօտեցումներուն ու առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներուն մօտ յառաջացած ինքնակեդրոն գործելակերպերուն: Այս կացութեան դիմաց Վեհափառ Հայրապետը կ'առաջարկէ միջ-եկեղեցական կառոյցներու, օրակարգերու եւ առաջնահերթութիւններու վերատեսութեան հրամայականը:

Նորին Սրբութիւնը հարցազրոյցին մէջ կը շեշտէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը պէտք չէ կառոյցներու ու ծրագիրներու մէջ խեղդել: Շարժումը պէտք է անդրանցնի հաստատութենական ու ծրագրային սահմանափակումները, այլապէս ան կը կորսնցնէ իր իւրայատուկ նկարագիրը ու նպատակը: Վեհափառ Հայրապետը կ'անդրադառնայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Հարցազրոյցին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը խօսի հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին՝ ընդգծելով անոր ժողովրդակեդրոն կառոյցն ու դերը:

Հանդիպում Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը: Դոկտ. Սաքա Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Ե.Հ.Խ.ին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Նորին Սրբութիւնը Ե.Հ.Խ.էն ներս ունեցած երկար տարիներու իր փորձառութեան լոյսին տակ, ընդհանուր քարտուղարին փոխանցեց իր տեսակէտները կարգ մը կարեւոր խնդիրներու ու ծրագիրներու գծով: Յայտնենք, որ համաժողովի պատրաստութեան աշխատանքներու լծուած յանձնախումբերուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները իրենց կարեւոր նպաստը պիտի բերեն:

Հանդիպումին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ- եկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2021, 08:58