Որոնել

Կարմիր Խաչ Կարմիր Խաչ 

Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները Պաքուի մէջ այցելեցին Հայ գերիներուն եւ պատանդներուն

Կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար կը տեսակցին այն բոլոր անձերուն հետ, որոնց գերութեան փաստը պաշտօնապէս հաստատուած է: Պաքու այս պահուն կը հաստատէ 40 անձերու` Ատրպէյճանի մէջ գտնուելու հանգամանքը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Ատրպէյճանի մէջ այցելեցին հայ գերիներուն եւ պատանդներուն, ծանօթացան անոնց կեցութեան պայմաններուն եւ օգնեցին կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ:

Այս մասին «Լուրեր»ուն յայտնեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի: Ան ըսաւ, որ կոմիտէի ներկայացուցիչները պարբերաբար կը տեսակցին այն բոլոր անձերուն հետ, որոնց գերութեան փաստը պաշտօնապէս հաստատուած է: Պաքու այս պահուն կը հաստատէ 40 անձերու` Ատրպէյճանի մէջ գտնուելու հանգամանքը:

«Անձանց հնարաւորութիւն է տրուել փոխանակուել ընտանեկան բնոյթի տեղեկութիւններով, լուրերով, օգտագործուել են Կարմիր Խաչի նամակներ, տեսաուղերձներ եւ հեռախօսազանգեր: Մենք չենք կարող հրապարակել այն մարդկանց թիւը, որոնց մենք տեսակցում ենք, բայց կարող եմ հաստատել, որ գերեվարման ողջ ընթացքում իւրաքանչիւր ընտանիքի հետ կապի մէջ ենք», յայտնեց Ամատունի:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2021, 08:51