Որոնել

Հանգանակութեան միջազգային արշաւ ի նպաստ Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներուն։ Հանգանակութեան միջազգային արշաւ ի նպաստ Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներուն։  

Հանգանակութեան միջազգային արշաւ ի նպաստ Մեսրոպեանի կարիքաւոր աշակերտներուն։

Տնօրէնութիւնը արշաւի կազմակերպման անշահախնդրօրէն օգնելուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Alphabetical Order կազմակերպութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ Մեսրոպեան վարժարանի բարեկամներուն, նախկին սաներուն եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն, որ նպաստեն անոր տարածման՝ տեղեկատուական միջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Գործակցաբար Alphabetical Order բարեսիրական կազմակերպութեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները մեկնարկը տուին հանգանակութեան միջազգային արշաւի մը, որուն նպատակն է գոյացնել տաս հազար ամերիկեան տոլար, ի սպաս զոյգ վարժարաններու կարիքաւոր սաներու ֆոնտին։

Արշաւը կը գործարկուի նշեալ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ, որ կը հիւրընկալէ եւս 13 լիբանանեան դպրոցներ։ Նուիրատուութիւն կատարել ցանկացող մարդիկ եւ կազմակերպութիւններեր կրնան իրենց դրամական ուղղակի փոխանցումները կատարել Մեսրոպեանի համար յատուկ ստեղծուած էջին վրայ, այստեղ՝ https://alphabeticalorder.org/en/project/mesrobian-high-school-and-technical-college-tuition-aid/

Այս արշաւը եւս մէկ քայլ է, զոր Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կը կատարէ օգնելու համար ծնողներուն՝ հոգալու իրենց զաւակներուն կրթութեան ծախսերը ներկայ տնտեսական դժնդակ պայմաններուն մէջ։ Ամէն ջանք պիտի գործադրենք, որ որեւէ աշակերտ դրամական նեղութեան պատճառով չզրկուի կրթութենէն եւ այդ՝ ի խնդիր անոնց յուսալի ապագային եւ վաղուան առողջ ընկերութեան, որուն կայացման յանձնառու պիտի մնանք միշտ։

Տնօրէնութիւնը արշաւի կազմակերպման անշահախնդրօրէն օգնելուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնէ Alphabetical Order կազմակերպութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ Մեսրոպեան վարժարանի բարեկամներուն, նախկին սաներուն եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն, որ նպաստեն անոր տարածման՝ տեղեկատուական միջոցներուն եւ ընկերային ցանցերուն վրայ։

Տնօրէնութիւն

Հայ Կաթողիկէ Մեսրպեան Վարժարան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2021, 09:30