Որոնել

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ 

Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնեցան երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանի հատման կարելիութիւն ապահովել

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` կողմերը պայմանաւորուեցան նաեւ կարելի ամէնէն սեղմ ժամկէտներու ընթացքին սկսիլ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու իրականացումին եւ որոշեցին այդ ուղղութեամբ եւս սկսիլ անհրաժեշտ գործընթացներու:

Ուրբաթ, 1 յուլիսին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի չորրորդ հանդիպումը:

Երեւան եւ Անգարա պայմանաւորուեցան կարելի ամէնէն սեղմ ժամանակաշրջանին Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը հատելու կարելիութիւն ապահովել` համապատասխանաբար Հայաստան եւ Թուրքիա այցելող երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար, եւ որոշեցին այդ գծով անհրաժեշտ գործընթացներու սկսիլ:

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` կողմերը պայմանաւորուեցան նաեւ կարելի ամէնէն սեղմ ժամկէտներու ընթացքին սկսիլ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրութիւններու իրականացումին եւ որոշեցին այդ ուղղութեամբ եւս սկսիլ անհրաժեշտ գործընթացներու:

Բացի ատկէ, քննարկուեցան այլ քայլեր, որոնց կարելի է ձեռնարկել` երկու երկիրներուն միջեւ հարցի լիարժէք լուծման վերջնական նպատակին հասնելու համար, ինչպէս նաեւ` յատուկ ներկայացուցիչները կրկին ընդգծեցին իրենց պայմանաւորուածութիւնը` շարունակելու լուծման գործընթացը առանց նախապայմաններու:

Թրքական կողմը հանդիպման մասին նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակեց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2022, 08:20