Որոնել

Արամ Ա եւ Թաուատրոս Բ. Պատրիարք Արամ Ա եւ Թաուատրոս Բ. Պատրիարք 

Արամ Ա. Կիզայի Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ հրդեհին առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ղպտի եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս պատրիարքին

Իր նամակի աւարտին, հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «բարձրեալն Աստուած ողորմի զոհերու հոգիներուն եւ Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք, իսկ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին, 14 Օգոստոսին, Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներու մահուան տխուր առիթով։

«Յուզումով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը զօրակցինք Ձերդ Սրբութեան։ Անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կը յայտնենք մեր եղբայրական խորին ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը», ցաւակցագիրին մէջ կ՛ըսէ վեհափառը ։

Իր նամակի աւարտին, հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած, որ «բարձրեալն Աստուած ողորմի զոհերու հոգիներուն եւ Իր Արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք, իսկ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն։ Աստուած օրհնէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւնը, անոր պետութիւնն ու ժողովուրդը եւ պահէ ու պահպանէ ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցին ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2022, 09:37