Որոնել

Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթում Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթում 

17 եւ 18 օգոստոսին Հայաստանի մէջ յայտարարուած է սուգ 16 զոհ եւ 2 անհետ կորսուած` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետեւանքով

«Անհետ կորսուածներու շարքին կայ փոփոխութիւն, ներկայիս ունինք փաստացի երկու անհետ կորսուած, 16 յայտնաբերուած դիակ, որոնցմէ մէկուն ինքնութիւնը չէ պարզուած:

6 օգոստոս 2022-ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան յայտարարեց, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ անհետ կորսուած կը նկատուի 2  անձ:

«Անհետ կորսուածներու շարքին կայ փոփոխութիւն, ներկայիս ունինք փաստացի երկու անհետ կորսուած, 16 յայտնաբերուած դիակ, որոնցմէ մէկուն ինքնութիւնը չէ պարզուած: Այսինքն` ենթադրելի է, որ երկու անհետ կորսուածներէն մէկուն ինքնութիւնը պարզուի, կը մնայ մէկ անհետ կորսուած», ըսաւ Փամբուխչեան:

Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` 17 եւ 18 օգոստոս 2022-ին յայտարարուած է սուգ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին առնչութեամբ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 10:53