Պերք Աճար Պերք Աճար  

Թուրքիոյ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայ մը վարչական շրջանի ղեկավար նշանակուած է

Պերք Աճար առաջին հայն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ դարձած է վարչական շրջանի ղեկավար:

2021 թուականի վարչական շրջանի ղեկավարի համար կատարուած քննութիւնը յանձնելէ եւ հարցազրոյցը յաջողութեամբ կատարելէ ետք ազգութեամբ հայ Պերք Աճար նշանակուած է Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգի կազմին մէջ գտնուող Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի անցնի պարտականութիւններու կատարման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով թրքական «Այնահապեր» կայքին:

Պերք Աճար առաջին հայն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ դարձած է վարչական շրջանի ղեկավար:

Պապատաղի արդէն նախկին ղեկավար Ատեմ Քարաթաշը 16 օգոստոսին պաշտօնապէս լքած է իր աշխատանքն ու հրաժեշտ տուած շրջանին:

1995-ին Պոլսոյ մէջ ծնած Պերք Աճար սորված է սեփական Սահակեան-Նունեան հայկական եւ «Լոյս» աւագ դպրոցներուն մէջ: 2020 թուականին աւարտած է Պիլկի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, փաստաբանական փորձը կատարած է Շիշլի թաղամասին մէջ գործող փաստաբանական գրասենեակին մէջ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2022, 08:00