1660548474274.jpg

Հսկայական պայթում Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ. 3 զոհ եւ 61 վիրաւոր

Ուշ երեկոյեան տուեալներով, հսկայական պայթումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է 3 զոհ: Վիրաւորուած են 61 անձեր: Դէպքի վայրին մէջ հրդեհը շարունակուած է մինչեւ ուշ ժամեր: Հրշէջ մեքենաները դժուարով կրցած են իրենց վերահսկողութեան տակ առնել վիճակը: Կայ շէնքի փլուզման վտանգ:

Երէկ, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 13:23-ին, ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հսկայական պայթում մը:

Ուշ երեկոյեան տուեալներով, հսկայական պայթումին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է 3 զոհ: Վիրաւորուած են 61 անձեր: Դէպքի վայրին մէջ հրդեհը շարունակուած է մինչեւ ուշ ժամեր: Հրշէջ մեքենաները դժուարով կրցած են իրենց վերահսկողութեան տակ առնել վիճակը: Կայ շէնքի փլուզման վտանգ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը երէկ ուշ գիշերին հրապարակեց 25 հոգինոց անուանացանկ մը, որուն մէջ նշուած անունները շատ հաւանաբար «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին տարածքին մէջ անյայտ կորսուած կրնան ըլլալ: Աւելի ուշ այս թիւը նուազեցաւ 19-ի:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութիւնը յայտնեց, որ դէպքին առնչութեամբ բացուած է քրէական գործ: Հաւանական կը նկատուի, որ դէպքին պատճառ հանդիսացած է առեւտուրի կեդրոնին մէջ դիւրավառ եւ այրող նիւթերու պահպանումը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2022, 06:09