Որոնել

Քննարկում կրթութեան նախարարութիւնէն ներս Քննարկում կրթութեան նախարարութիւնէն ներս 

Քննարկում կրթութեան նախարարութիւնէն ներս

Կողմերը քննարկած են Հայաստանի մէջ արեւմտահայերենի դասաւանդման, տարածման վերաբերող եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն առնչուող խնդիրները:

ՀՀ Կրթութեան նախարարութենէն վերահասու կը դառնանք, թէ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալներ Արթուր Մարտիրոսեանը եւ Ժաննա Անդրէասեանը ընդունած են «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը եւ տնօրէնի օգնական Շողեր Մարկոսեանը:

Կողմերը քննարկած են Հայաստանի մէջ արեւմտահայերենի դասաւանդման, տարածման վերաբերող եւ Սփիւռքի հայկական կրթօճախներուն առնչուող խնդիրները:

Նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան ողջունած է հիւրերը` կարեւորելով երկկողմ համագործակցութիւնը վերոնշեալ թեմաներուն շուրջ` վստահութիւն յայտնելով, որ պետական աջակցութեամբ ծրագիրներու հետ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներու համադրման պարագային կրնանք էական յառաջընթաց ապահովել շարք մը ծրագիրներու պարագային, ինչպիսիք են Սփիւռքի կրթօճախներու քարտէզագրումը, հայագիտական կեդրոններու ցանցի ընդլայնումը, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերենի ուսուցումը եւ այլն:

Փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեանը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ կը գործէ արեւմտահայերենի դասաւանդման երաշխաւորուած ծրագիր` նախատեսուած աւագ դասարաններուն համար: Ան ընդգծած է Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուած երեխաներու համարկման եւ արեւմտահայերենի խրախուսման կարեւորութիւնը:

Նախանշուած են ուսուցիչներու վերապատրաստման, արեւմտահայերենի դասաւանդման մեթոտական նիւթերու պատրաստման նպատակով ջանքերու միաւորման հեռանկարները:

Արեւմտահայերենի տարածման ուղղութեամբ Ժաննա Անդրէասեանը որպէս լուծում առաջարկած է հանրակրթական պետական նոր չափորոշիչով նախատեսուող նախագծային աշխատանքները, որոնք կ’իրականացուին 7-րդ դասարանէն: Ըստ Անդրէասեանի` նախագծային աշխատանքի նիւթ կրնայ ըլլալ արեւմտահայերենին վերաբերող որեւէ թեմա` սկսած պատմութենէն մինչեւ գրականութիւն: Ան շեշտած է նաեւ սփիւռքահայ եւ հայաստանցի երեխաներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ Արթուր Մարտիրոսեանը առաջարկած է պետական աջակցութեամբ իրականացուող Համահայկական հայագիտական մրցոյթը` որպէս նախագծային ուսուցման եզրափակիչ փուլ դիտարկելու հնարաւորութիւնը:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնած է հանդիպման համար` կարեւորելով արեւմտահայերենի նկատմամբ պետական մօտեցումը:

Անոր գնահատմամբ` արեւմտահայերենի պահպանման խնդիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարբեր բնոյթ կը կրէ: Ան տեղեկացուցած է, որ քննարկման փուլին է արդի արեւմտահայերեն գրականութեան ընթերցարան ստեղծելու հարցը, ինչը միտուած է լեզուի տարածման: Ռ. Փանոսեան դրական գնահատած է ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրներու մշակման, վերապատրաստման գործընթացի, համատեղ նախագծային աշխատանքի իրականացման հնարաւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են արեւմտահայերենի թուայնացման, դպրոցականներու ներգրաւմամբ արեւմտահայերենով տարբեր հարթակներու, կայքերու պատրաստման հեռանկարները: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ հայագիտութեան խրախուսման ու զարգացման միտուած համատեղ ծրագիրներու մշակման:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2022, 09:04