Որոնել

Ամերիկացի Բարի Սամարացիները» Ֆիլմը Ամերիկացի Բարի Սամարացիները» Ֆիլմը  

Արա Մնացականեանի «Ամերիկացի Բարի Սամարացիները» Ֆիլմը «Կանն»-ի փառատօնին մրցանակի արժանացած է

Ֆիլմը նուիրուած է ազգերու փրկութեան նուիրեալներուն յիշատակին՝ մարդոց, որոնք ի սպառ ոչնչացումէ փրկած են քրիստոնեայ ժողովուրդներու զաւակները։

Բեմադրիչ Արա Մնացականեանի «Ամերիկացի բարի սամարացիները» ֆիլմը «Կանն»-ի համաշխարհային փառատօնին (Cannes World Film Festival) յաղթող ճանչցուած է եւ արժանացած «Լաւագոյն մարդասիրական ֆիլմ» մրցանակին: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, յայտնած են Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնէն։

Ֆիլմը նուիրուած է ազգերու փրկութեան նուիրեալներուն յիշատակին՝ մարդոց, որոնք ի սպառ ոչնչացումէ փրկած են քրիստոնեայ ժողովուրդներու զաւակները։

Ֆիլմը ստացած է պետական նիւթական մասնակի աջակցութիւն ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն»-ին կողմէ:

Ֆիլմի սենարիստը Ամբեր Կարլինսն է (ԱՄՆ), արտաբերողը` Մանուէլ Սարիբէկեանը, գործարկուն (operator)՝ Աշոտ Մկրտչեանը, արտադրողը՝ «Ման Փիքչերս Փրոտաքշըն» ընկերութիւնը:

Ֆիլմի մասին. 

Ասիկա պատմութիւն է փրկուածներու մասին: Նաեւ պատմութիւն այն արտասովոր մարդոց մասին, որոնց շնորհիւ, ի սպառ ոչնչացումէ փրկուեցան քրիստոնեայ ժողովուրդներու բեկորներ:

Մարդկային կեանքերու փրկութիւնն էր անոնց առաքելութիւնը: Ամերիկացի գրող-ցեղասպանագէտը, այլ անկախ հետազօտողներ, կը բացայայտեն 20-րդ դարասկզբին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ (այժմ Թուրքիա) իրականացուած ցեղասպանութիւններու եւ ամերիկացի մարդասէրներու կողմէ կազմակերպուած օգնութեան մանրամասները:

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2022, 09:19