Որոնել

Եւրոպական միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել 

Պէտք է լուրջ վերաբերինք Փութինի կողմէ հնչեցուած սպառնալիքներուն

«Ռուսական բանակը յայտնուած է անկիւնը, իսկ Փութինի արձագանգը՝ միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքը, շատ վատ է»,- ըսած է Պորել։

Եւրոպական միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջուկային սպառնալիքներուն պէտք է լուրջ վերաբերիլ։ Այս մասին ան ըսած է BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Անոր խօսքով՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ զօրահաւաքի մասին յայտարարութիւնն ու Լուկանսքի, Տոնեցքի, Խերսոնի եւ Զապորոժիէի մարզերու մէկ մասը բռնակցելու փորձերը «վտանգաւոր պահ են»։

«Ռուսական բանակը յայտնուած է անկիւնը, իսկ Փութինի արձագանգը՝ միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքը, շատ վատ է»,- ըսած է Պորել։

Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ձեռքբերումը պէտք է տեղի ունենայ՝ պահպանելով երկրի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, այլապէս ապագային նորէն պատերազմ պիտի ըլլայ։

Ինչ կը վերաբերի Փութինի՝ միջուկային զէնք օգտագործելու հնարաւոր պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւններուն, դիւանագէտը նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահի սպառնալիքներուն պէտք է լուրջ վերաբերիլ։

«Երբ մարդիկ կ'ըսեն, որ «սա պլեֆ չէ», պէտք է անոնց լուրջ վերաբերիլ»,- եզրափակած է ան։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը չորեքշաբթի մասնակի զօրահաւաքի վերաբերեալ հեռուստաուղերձը աւարտելէ ետք ըսած է, որ հաւատում է երկրի քաղաքացիներու աջակցութեան։

«Անոնք, որոնք կը փորձեն մեզ սպառնալ միջուկային զէնքով, պէտք է իմանան, որ քամիի վարդը կրնայ շրջուիլ նաեւ իրենց ուղղութեամբ»,- ընդգծած է պետութեան ղեկավարը։

«Մեր պատմական աւանդոյթի, մեր ժողովուրդի ճակատագրի մէջ է, որ դէմ դնենք անոնց, որոնք կը ձգտին համաշխարհային տիրապետութեան, որոնք կը սպառնան մասնատել եւ ստրկացնել մեր Հայրենիքը, մեր երկիրը: Մենք հիմա ալ այդ կ'ընենք: Եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Կը հաւատամ ձեր աջակցութեան»,- եզրափակած է Փութին:

Ան ըսած է, որ Ուաշինկթըն կը մղէ Քիեւը ռազմական գործողութիւնները Ռուսիոյ տարածք տեղափոխել, արդէն կը կիրառուի միջուկայինի սպառնալիք:

Ռուսիոյ նախագահը բացատրած է, որ խօսքը ոչ միայն Արեւմուտքի կողմէ խրախուսուող Զապորոժիէի աթոմակայանի գնդակոծման մասին է, որ յղի է միջուկային աղէտի վտանգով, այլեւ ՆԱԹՕ-ի առաջատար երկիրներու որոշ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու՝ Ռուսիոյ դէմ զանգուածային ոչնչացման զէնքի՝ միջուկային զէնքի կիրառման հնարաւորութեան ու թոյլատրելիութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններու մասին:

«Անոնց, որոնք իրենց թոյլ կու տան նման յայտարարութիւններ Ռուսիոյ վերաբերեալ, կ'ուզեմ յիշեցնել, որ մեր երկիրն ալ ունի ոչնչացման տարբեր միջոցներ, իսկ որոշ բաղադրիչներով աւելի ժամանակակից, քան ՆԱԹՕ-ի երկիրներինը: Եւ եթէ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուի, մենք, անշուշտ, կ'օգտագործենք մեր ձեռքի տակ եղած բոլոր միջոցները Ռուսիան եւ մեր ժողովուրդը պաշտպանելու համար»,- ըսած է Փութին։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2022, 09:30