Որոնել

Հայաստանի զօրակցութեան ձեռնարկ` Մարոնիներու Մինա Հուսնի ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ Հայաստանի զօրակցութեան ձեռնարկ` Մարոնիներու Մինա Հուսնի ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ 

Հայաստանի զօրակցութեան ձեռնարկ` Մարոնիներու Մինա Հուսնի ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ

«Այսօր անգամ մը եւս Հայաստանը մեծ տէրութիւններու պայքարի խաչմերուկին վրայ է, եւ եթէ անոր դէմ յարձակում գործողներուն ախորժակները չզսպուին, կրակի գունդը դէպի անոր դրացի երկիրներ պիտի ընդլայնի», ըսաւ դոկտ. Արզումանեան-Ղազարեան։
Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 24 սեպտեմբեր 2022 երեկոյեան ժամը 08:00-ին կեդրոնական Պէյրութի Մինա Հուսն շրջանի մարոնիական Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Որովհետեւ հոգ կ՛ընենք» խորագիրին տակ երաժշտական ու իրազեկման ձեռնարկ մը` առ ի զօրակցութիւն Հայաստանի, կազմակերպութեամբ Աժալթունի մշակութային միութեան եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան, որ յայտնեց, թէ սեպտեմբեր 13-ը Հայաստանի համար յաւելեալ «սեւ օր» մըն էր, երբ շղթայազերծուեցաւ Հայաստանի գերիշխան սահմաններուն դէմ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու բարբարոսական յարձակումը: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկաներուն ներկայացուց Աժալթունի մշակութային միութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին եւ Համազգային մշակութային միութեան առաքելութիւնները:Ապա ան բեմ հրաւիրեց թաւջութակարուհի Նայիրի Ղազարեանն ու երգեհոնահար (խողովակաւոր երգեհոնի ) Ճօ Տաուը, որոնք մեկնաբանեցին Քասատէուսի «Տօ մինէօր քոնսերթօ»-ն եւ Շուպերթի «Սերենատ»-ը, որմէ ետք ընթացք առաւ ձեռնարկին ոչ գեղարուեստական բաժինը:

Դոկտ. Մարք Ապու Ապտալլա ներկաներուն ներկայացուց Հայաստանի հազարմեայ պատմութեան ու աշխարհագրական դիրքի կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ Հայաստանը առեւտուրի ճամբաներու խաչմերուկի վրայ եւ պատմութեան ընթացքին մեծ տէրութիւններու միջեւ գտնուելուն պատճառով միշտ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է ու յաճախ ենթարկուած` ներխուժումներու եւ կորսնցուցած` իր անկախութիւնը, սակայն հայ ժողովուրդը միշտ վերապրած եւ վերականգնած է իր պետականութիւնը:

Դոկտ.Ապու Ապտալլա ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1915-ին չէ սկսած, այլ անկէ առաջ` 1890-ական թուականներուն, եւ իր գագաթնակէտին հասած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, որովհետեւ մեծ տէրութիւնները ուշադրութիւնը այլուր էր: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ իր երկիրի աշխարհագրական դիրքին պատճառով: Ան նշեց, որ Հայաստանը լեռնային շրջան է, ինչ որ իր բնակիչներուն կու տայ, հակառակ բոլոր ներխուժումներուն ու պատերազմներուն, իրենց ինքնութիւնը, պատմութիւնն ու աւանդութիւնները պահպանելու կարողութիւնը:

Ան յայտնեց, որ հայերը 19-րդ դարուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ բարեկարգումներ պահանջեցին, սակայն այդ պահանջները մերժուեցան, եւ բռնաճնշումներ ու ջարդեր տեղի ունեցան: «Շուրջ 3000 տարուան ընթացքին հայերը չդադրեցան գոյութիւն ունենալէ, անոնք իրենց երկիրի աշխարհագրական դիրքին պատճառով բազմաթիւ դժուարութիւններէ անցած են ու կ՛անցնին, սակայն հայերը միշտ կրնան ոտքի կանգնիլ ու մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ դերակատարութիւն ունենալ», եզրափակեց դոկ. Ապու Ապտալլա:

Դոկտ. Եղիա Թաշճեան անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ աշխարհաքաղաքական կացութեան եւ փանթուրանական ծրագիրին` նշելով, որ այդ ծրագիրը կը շարունակէ մնալ կենդանի, եւ այդ ծրագիրի վտանգը ոչ միայն հայերու համար է, այլ` շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար, նշելով Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ոտնձգութիւններու օրինակները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գործուող մշակութային ցեղասպանութեան` նշելով, որ այդ քաղաքականութիւնը նոր չէ եւ արդէն գործադրուած է Նախիջեւանի մէջ` մատնանշելով 2005-2006 թուականներուն Ջուղայի մէջ հայկական խաչքարերու ոչնչացման օրինակը:

Ապա թաւջութակարուհի Նայիրի Ղազարեան եւ երգեհոնահար Ճօ Տաու դարձեալ բեմ բարձրացան եւ մեկնաբանեցին Սեն Սանզի թաւջութակի եւ խողովակաւոր երգեհոնի համար յօրինած «Աղօթք»-ը եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, մասնաւորաբար հետաքրքրական ու գեղեցիկ էր Կոմիտասի ժողովրդային երգերու մշակումներէն պատառիկներու թաւջութակով եւ խողովակաւոր երգեհոնով կատարումը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան ձեռնարկի փակման իր խօսքին մէջ յիշեցուց Անաթոլ Ֆրանսին 1916-ի խօսքը. «Հայաստանը կը մահանայ, սակայն պիտի վերապրի: Այն քիչ արիւնը, որ մնացած է,  յարգի արիւն մըն է, որ ծնունդ պիտի տայ հերոսական սերունդի մը: Ազգ մը, որ չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մահանար»:

«Այսօր անգամ մը եւս Հայաստանը մեծ տէրութիւններու պայքարի խաչմերուկին վրայ է, եւ եթէ անոր դէմ յարձակում գործողներուն ախորժակները չզսպուին, կրակի գունդը դէպի անոր դրացի երկիրներ պիտի ընդլայնի», ըսաւ դոկտ. Արզումանեան-Ղազարեան, եւ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` շնորհակալութիւն յայտնեց Աժալթունի մշակութային միութեան` Հայաստանի զօրակցութեան ձեռնարկի կազմակերպման համար:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2022, 08:38