Որոնել

Փրկարար աշխատանքներ Փրկարար աշխատանքներ 

Թարթուսի մօտերը ընկղմած գաղթականներու նաւուն զոհերու թիւը 102ի հասաւ

Փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ 20 անձեր փրկել։ Ցարդ դուրս բերուած են 102 խեղդամահներու դիակները:

Սուրիական ծովուժը կը շարունակէ փրկարար աշխատանքները Թարթուսի Արուատ կղզիի մօտակայ շրջանին մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն ճամբորդները որոնելով:

Նշենք, որ Լիբանանէն անցեալ շաբաթ Ճամբայ ելած նաւը ապօրինի կերպով կը փոխադրէր առաւել քան 150 գաղթականներ՝ լիբանանցի եւ ոչ-լիբանանցի գաղթական քաղաքայիններ:

Միւս կողմէ, Թարթուսի Արուատ կղզիին հանդիպակաց շրջանին մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն ճամբորդները որոնելու փրկարար աշխատանքները շարունակուեցան սուրիական ծովուժին կողմէ:

Փրկարար աշխատանքներուն շնորհիւ կարելի եղաւ 20 անձեր փրկել։ Ցարդ դուրս բերուած են 102 խեղդամահներու դիակները:

Նշենք, որ շաբաթավերջին, Արիտայի անցքէն Լիբանան փոխադրուեցան մեծ թիւով դիակներ, որոնց մէջ կային լիբանանցիներ, սուրիացիներ եւ պաղեստինցիներ:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2022, 07:30