Որոնել

1664209678373.jpg

Մաքրոն. «Սահմանազատման եւ սահմանագծման բացակայութիւնը չ՛արդարացներ այլ պետութեան տարածք ներխուժումը»

«Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ժամերուն կը պատրաստուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է վերականգնուի», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն` երէկ Փարիզի մէջ ընդունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ժամերուն կը պատրաստուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունենալ նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

«Ֆրանսան պիտի ընէ ամէն կարելին, որպէսզի Հարաւային Կովկասը ըլլայ կայուն, յուսալի եւ բարգաւաճ շրջան», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:

Մաքրոնի համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահը եւս «մտադրութիւն յայտնած է վերջ դնելու անկայունութեան եւ աջակցելու որոշումներու կայացման»:

Էմանուել Մաքրոն նշած է, որ 14 սեպտեմբերէն Ֆրանսան Ազրպէյճանէն կը պահանջէ  դուրս բերել զօրքերը Հայաստանի տարածքէն:

«Սահմանազատման եւ սահմանագծման բացակայութիւնը չ՛արդարացներ այլ պետութեան տարածք ներխուժումը», ընդգծած է Մաքրոն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2022, 09:12