Որոնել

Փաշինեան ՄԱԿին մէջ Փաշինեան ՄԱԿին մէջ  

Փաշինեան ՄԱԿին մէջ քննադատեց ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլ նաեւ կարգ մը դաշնակիցներ

ՄԱԿի ամպիոնէն Փաշինեան քննադատեց ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլ նաեւ դաշնակիցները` առանց անուններ տալու:

Հայաստանի հանդէպ ատրպէյճանական նոր յարձակման վտանգը չէ նուազած, 22 Սեպտեմբերին ՄԱԿի ամպիոնէն զգուշացուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` յորդորելով միջազգային համայնքը հասցէական եւ ամբողջական աջակցութիւն տրամադրելու: Քսան վայրկեան տեւած իր ելոյթին ընթացքին, Փաշինեան խօսեցաւ առաւելաբար Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ պնդելով, որ Պաքու մտադիր է Հայաստանէն նոր տարածքներ գրաւել:

«Ես պաշտօնական եւ հրապարակային հարց եմ ուղղում Ադրբեջանի նախագահին, կարո՞ղ ես ցոյց տալ Հայաստանի այն քարտէզը, որը ճանաչում ես, կամ` պատրաստ ես ճանաչել որպէս Հայաստանի Հանրապետութիւն: Ինչու եմ սա հարցնում: Որովհետեւ կարող է պարզուել, որ ըստ Ադրբեջանի պաշտօնական տեսանկիւնի, Հայաստանի միայն կէսը, կամ` դրանից էլ քիչն է Հայաստանի Հանրապետութիւն», յայտարարեց Փաշինեան:

Խօսելով խաղաղութեան պայմանագիրին մասին՝ ան դարձեալ յայտարարեց, որ պատրաստ է ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, եթէ Պաքու իր կարգին ճանչնայ Հայաստանինը` միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններով: «Ազատութիւն»ը կը յայտնէ, որ օրեր առաջ այս յայտարարութիւնը Փաշինեան կատարած էր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, իսկ այս անգամ նոյնը կրկնեց արդէն միջազգային լսարանին առաջ:

«Եթէ Ադրբեջանը ճանաչի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` ոչ թէ տեսականօրէն, այլ` գործնականում, նկատի ունեմ մեր` միջազգայնօրէն ճանաչուած 29 հազար 800 քառակուսի կիլոմետրի ամբողջականութիւնը, նշանակում է` մենք կարող ենք ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր», ըսաւ Փաշինեան։

Ան նաեւ անդրադարձաւ այն իրավիճակին, որ պիտի ստեղծուի նման համաձայնութեան չհասնելու պարագային արդիւնքները, ըստ անոր, պիտի ըլլայ ծանր` Հայաստանի համար: «Հակառակ դէպքում մենք կ՛ունենանք ֆիկտիւ (երեւակայական) խաղաղութեան պայմանագիր, եւ դրանից յետոյ Ադրբեջանը կ՛օգտագործի սահմանների սահմանազատման գործընթացը նոր տարածքային պահանջների եւ օկուպացիայի գրաւման) համար», ըսաւ Փաշինեան:

ՄԱԿի ամպիոնէն Փաշինեան քննադատեց ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլ նաեւ դաշնակիցները` առանց անուններ տալու: Իրավիճակը կրնայ սրիլ, որովհետեւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւնները պատշաճ չեն արձագանգեր ապահովութեան նկատմամբ վտանգին, յայտնեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Այդ հանգամանքը լրջագոյն հարցեր առաջացրեց հայաստանեան հասարակութեան մէջ»:

Ան մանրամասնութիւններ բացայայտեց դռնփակ բանակցութիւններու եւ նախորդ տարուան բախումներուն մասին։ «Անցեալ տարի Ադրբեջանն օկուպացրել էր Հայաստանի աւելի քան 40 քառակուսի կիլոմետր տարածք: Դրանից յետոյ, Ադրբեջանի արդարացումներից մէկն այն էր, որ Հայաստանը, ըստ նրանց, հրաժարւում է սահմանազատման յանձնաժողով ստեղծելուց: Մենք, ի հարկէ, չէինք հրաժարուել դրանից, այլ միայն պնդել էինք, որ միաժամանակ սահմանների անվտանգութեան մեխանիզմ (գոչծիքակազմ) ստեղծուի: Ի վերջոյ, մեր միջազգային գործընկերների խնդրանքով, որոնք պնդում էին, որ սահմանային յանձնաժողովի աշխատանքն ինքնին վստահելի գործօն է լինելու սահմանների անվտանգութեան համար, պայմանաւորուեցինք սկսել աշխատանքները: Եւ հիմա, երբ ձեւաւորուել եւ աշխատում է սահմանների սահմանազատման եւ անվտանգութեան յանձնաժողովը, Ադրբեջանը նախաձեռնեց ագրեսիայի (յարձակման) նոր փուլ: Իսկ այդ միջազգային գործընկերներից ոմանք լռում են», ընդգծեց վարչապետը:

Այս պարագային եւս Փաշինեան յստակ չըսաւ, թէ որո՛նք մէկուկէս տարի առաջ զինք համոզեցին զիջման երթալ, իսկ հիմա չեն արձագանգեր Ատրպէյճանի նոր յարձակումներուն:

Խօսելով յարձակման պատճառներուն մասին՝ Փաշինեան նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը յիշատակեց, դարձեալ պնդելով, որ Ատրպէյճան Հայաստանէն արտատարածքային ուղի չ՛ուզեր, մինչդեռ եռակողմ փաստաթուղթերուն մէջ այդ մասին որեւէ խօսք չկայ:

«Հայաստանը պատրաստ է կառուցել ճանապարհ, որը կը գործի Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն եւ ինքնիշխան վերահսկողութեան ներքոյ», ընդգծեց ան:

Թէեւ մինչեւ 44օրեայ պատերազմը Փաշինեան ՄԱԿի վեհաժողովին կը յայտարարէր, թէ Արցախի ժողովուրդը պէտք է կարենայ առանց սահմանափակման որոշել իր կարգավիճակը, այս անգամ ինքնորոշման որեւէ ձեւով չանդրադարձաւ: Ան յորդորեց միջազգային համայնքը՝ աջակցելու, որպէսզի ՄԱԿի մարդասիրական առաքելութիւնները կարենան անարգել Արցախ մտնել` տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը եւ մարդու իրաւունքները գնահատելու եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար:

«Մենք վճռական ենք խաղաղութիւն կերտել տարածաշրջանում, բայց մեզ պէտք է միջազգային հանրութեան լիարժէք աջակցութիւնը, որ կանգնած կը մնայ ինքնիշխան ու ժողովրդավար պետութեան կողքին», յայտարարեց Փաշինեան։

Ան նշեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին միջազգային դիտորդական առաքելութիւնը կրնայ նպաստել տարածաշրջանի ապահովութեան: Առաջին անգամ այդ մասին Փաշինեան խօսած էր նախորդ տարուան Մայիսին, երբ ատրպէյճանական բանակը հատած էր Հայաստանի սահմանը՝ Սիւնիքի ու Գեղարքունիքի հատուածներուն մէջ, պաշտօնական Երեւան առաջարկեց Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ միջազգային դիտորդներ տեղակայել: Թէ անցած մէկուկէս տարուան ընթացքին ճիշդ ո՛ր կառոյցին կամ երկրին դիմած էր Հայաստանի իշխանութիւնը այս հարցով, ինչ պատասխան ստացած է եւ ինչ քայլերու մտադիր է ձեռնարկել հիմա, պաշտօնական աղբիւրները չեն յստակացուցած:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2022, 08:52