Որոնել

ss.png

Հաղորդաշար` նուիրուած Հայկական Գրականութեան (22) ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ (3)

Տէրեանի հոգին յարատեւ անկումային տրամադրութեան մէջ է, կարծէք ջուրի կաթիլ մը եղած ըլլայ, որ չնչին տատանումէն իսկ դէպի անդունդ պիտի գլորի: Տէրեանի սարսափը այս անկման մէջն է:
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Տէրեան ունի երկու հակադիր իմաստային շարքեր՝

1. Համատարած՝ մթնշաղ, գիշեր, աշուն, ցուրտ, անձրեւ, տխրութիւն, ստուեր. ամէն ինչ ստուեր է՝ իրականութիւն չկայ:

2. Աղմուկ, ցերեկ, արեւ, երազ, ցնորք. պայծառ ապագայի ձգտում՝ դէպի կեանք վերադառնալու ձգտում:

Առաջին յոռետեսական իմաստային շարքէն, դէպի երկրորդ՝ լաւատեսական շարք անցնելու պահուն, դարձեալ շրջապտոյտ կատարելով Տէրեան կը յայտնուի առաջին իմաստային շարքին մէջ եւ այսպէս շարունակ պտտելով կը յայտնուի միեւնոյն փակ օղակին մէջ երկու հակադիր շարքերուն միջեւ:

«Մթնշաղի անուրջներ»ուն մէջ կը սկսի աշունով, կը ձգտի գարնան եւ դարձեալ յոռետեսութիւն:

«Կառուսել»ը իր ծանօթ գործերէն մէկն է, նոյն նիւթով: Ամէն ինչ անցեալին մէջ է, ապագայ չկայ: Տէրեանի ժամանակը անցեալն է:

Եթէ կառուսելը շարունակ պտոյտի մէջ է, կը նշանակէ նոյն տարածութեան մէջ է, որ կը յայտնուի, հետեւաբար ամէն ինչ ո՛չ վերջ ունի եւ ոչ՝ սկիզբ, անվերջ պտըտող եւ կրկնուող աշխարհն է:

«Պտըտուի՛ր, պտըտուի՛ր, կառուսել, Ես քո երգը վաղուց եմ լսել...

Ե՛ւ թախիծ, ե՛ւ տրտունջ, եւ տանջանք, -Դո՞ւ ես այն, թէ՝ աշխա՞րհն է լացում, Խաւարիր, խաբուսիկ անրջանք, Հեռաւոր օրերի հիացում... Պտըտուի՛ր, պտըտուի՛ր...

Պարում են խելագար խնճոյքում, -Ով կ'ուզէ՛ թող գաղտնիքն իմանայ,- Ոչ վերջ կայ, ոչ սկիզբ այս երգում,- Երէկ ես, այսօր դու, վաղը՝ նա... Պտըտուի՛ր, պտըտուի՛ր...»

Տէրեանի հոգին յարատեւ անկումային տրամադրութեան մէջ է, կարծէք ջուրի կաթիլ մը եղած ըլլայ, որ չնչին տատանումէն իսկ դէպի անդունդ պիտի գլորի: Տէրեանի սարսափը այս անկման մէջն է:

Այսպիսի յոռետեսական տրամադրութեամբ գրուած է նաեւ Տէրեանի «Երկիր Նայիրի» հայրենասիրական բանաստեղծութիւններու շարքը, ուր ըստ հեղինակի, Հայաստանի փառքը անցեալի մէջ մնացած է, իսկ ներկան ու ապագան մշուշոտ են ու խաւար:

Պատահական չէ «Հայաստան»ի փոխարէն «Նայիրի» անուան օգտագործումը: «Նայիրի»ն հինի, փառքի խորհրդանիշն է, ուր կար պետականութիւն ու յաղթանակներ, իսկ ներկայ Հայաստանը աւեր է ու աւար: Հայաստանի երբեմնի փառքէն մնացած է միայն հոգեւոր արժէք մը՝ հայոց լեզուն: Սակայն ի տես ամբողջ Հայաստանը անողոքաբար լափող կրակին, սարսափահար բանաստեղծը ինքզինքին հարց կու տայ, թէ արդեօ՞ք կարգը հասած է վերջին Հայաստան՝ հայոց լեզուին, եւ ինք պիտի դառնայ անոր վերջին խօսնակը:

«Միթէ՞ վերջին պոէտն եմ ես: Վերջին երգիչն իմ երկրի, Մա՞հն է արդեօք, թէ նի՞նջը քեզ Պատել, պայծառ Նայիրի:

Ահով ահա կանչում եմ քեզ Ցոլա՛, ցնորք Նայիրի.- Միթէ՞ վերջին պոէտն եմ ես, Վերջին երգիչն իմ երկրի...»

Իւրայատուկ է իգական սեռի Տէրեանական ընկալումը: Ըստ Տէրեանի, կինը հեռու, անհասանելի, անմարմին, եթերային, ոգեղէն էակ մըն է, ինչպէս այդ կը տեսնենք «Տխրութիւն» բանաստեղծութեան մէջ:

Այստեղ Տէրեան օգտագործած է բառի՝ ներդաշնակուած ձեւը, միմեանց լրացնող եւ անոր տարբեր աստիճանները արտայայտող մակդիրներ:

Դէպքը կատարուած է բնութեան անորոշ տարածութեան մը մէջ՝ «Արձակ դաշտերի ամայութեան մէջ...»:

Հոս բանաստեղծին մարմնաւորման ձգտման փնտռտուքին մէջն է: Իր մտապատկերին մէջ գոյացած էակը, մենք մերթ կը նկատենք, կամ աւելի ճիշդը կ'ընկալենք, մերթ կը կորսնցնենք, քանզի ան իրական կեանքին մէջ գոյութիւն չունի: Այստեղ ստուերը մտնելով աղջկան մէջ զինք կոյսի կը վերածէ: Ստուերը, լոյսը, շշուկը հոգիի խորհրդանիշերն են, ասոնք հոգիին մուտքն են դէպի մարմնաւոր աշխարհ:

Տէրեանի էակը, ինչպէս կը նկատենք, մարմին չունի, ան հոգի է, որ կը փորձէ մարմին ստանալ, սակայն տակաւին մարմնաւորուած չէ եւ այդպէս ալ մինչեւ բանաստեղծութեան վերջը կը մնայ անմարմին հոգի:

Տէրեանին կը թուի, թէ այդ էակը իրեն շատ մօտ է (քանզի ան իր մէջ է), եւ ուր որ է, ի յայտ կու գայ, ճիշդ այդ պահուն ալ ան կ'անյայտանայ, իր «Սուրբ շշուկով» լեցնելով բանաստեղծին թախծող սիրտն ու հոգին:

«Սահուն քայլերով, աննշմար, իբրեւ քնքուշ մութի թեւ, Մի ստուեր անցաւ ծաղիկ ու կանաչ մեղմիւ շոյելով. Իրիկնաժամին, թփերն օրօրող հովի պէս թեթեւ Մի ուրու անցաւ, մի գունատ աղջիկ ճերմակ շորերով...

Արձակ դաշտերի ամայութեան մէջ նա մեղմ շշնչաց, Կարծես լէ սիրոյ քնքուշ խօսք ասաց նիրհող դաշտերին, Ծաղիկների մէջ այդ անուրջ կոյսի շշուկ մնաց
Եւ ծաղիկները այդ սուրբ շշուկով իմ սիրտը լցրին...»

Ֆիզիքապէս հիւծուած՝ անբուժելի հիւանդութեամբ տառապող Վահան Տէրեանը վախճանեցաւ հայրենիքէն հեռու, Օրենպուրկ քաղաքը, 1920 Յունուար 7-ին:

«Երբ կը յոգնեմ տարէք ինձ հեռու՝ մեր Գանձան Եւ կը դառնան օրերն այն, որ անդարձ անցան: Այնտեղ հանգիստ կը ննջեմ մեռած իմ մօր հետ, Ու երազս կը լինի դիւթական յաւէտ:
Եւ եթէ դուք գաք մի օր այցի իմ շիրիմին
Կը ժպտայ ձեզ իմ սրտից բուսած վարդենին»:

Քնքուշ են Տէրեանի բանաստեղծութիւնները եւ դիւթիչ, ինչպէս իր հայրենի Ջաւախք աշխարհի բնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2022, 08:40