Որոնել

Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը 

Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը

Կեդրոնական զոյգ ձեռնարկները, նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններով, տեղի ունեցան 21 Նոյեմբերին, Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Նոյեմբեր ամսուան երկրորդ կէսին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, մանկամսուրէն մինչեւ բարձր կարգեր, իւրաքանչիւր բաժինի համապատասխան աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Մանկամսուրին եւ մանկապարտէզին մէջ փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Կեդրոնական զոյգ ձեռնարկները, նախակրթարանի եւ երկրորդականի բաժիններով, տեղի ունեցան 21 Նոյեմբերին, Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ:

Բծախնդիր պատրաստութեամբ եւ բազմազանութեամբ յատկանշուած գեղարուեստական յայտագիրներով, աշակերտները ներկայացուցին անհատական թէ խմբային երգեր, պարեր, երաժշտական կտորներ, ասմունքներ եւ թատերական ու երաժշտախառն պատկերներ: Անոնք իրենց ուղերձներով յարգեցին յիշատակը Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ շեշտեցին անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը՝ յառաջադէմ պետականութեան կերտումին մէջ:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ աշակերտներուն ուղղուած իր պատգամներուն մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն վաղուան Լիբանանի պայծառ ապագան, կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան դիտել տուաւ, որ միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները կը հանդիսանան լիբանանեան հայրենիքին ու ընկերութեան հիմքերը. եւ Մեսրոպեան վարժարանը կը ձգտի այդ ոգիով դաստիարակել իր աշակերտները: 

Մեսրոպեան վարժարանի մէջ Լիբանանի անկախութեան տօնը
Մեսրոպեան վարժարանի մէջ Լիբանանի անկախութեան տօնը

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2022, 14:35