Որոնել

ՄԱԿ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՄԱԿ շնորհակալութիւն կը յայտնէ 

ՄԱԿ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` խաղաղապահութեան գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար

«Հայ տղամարդիկ եւ կիներ ծառայած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ բազմաբնոյթ միջավայրերու մէջ եւ ցուցաբերած արհեստավարժութեան ու նուիրուածութեան բարձր մակարդակ: Խորապէս երախտապարտ ենք տեւական խաղաղութեան եւ անվտանգութեան գործին մէջ անոնց ներդրումին համար», նշած է Լաքրուա:
Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` խաղաղութեան ուղղուած գործողութիւններու գծով տեղակալ Ժան-Փիեռ Լաքրուա իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի ցուցաբերած վճռական աջակցութեան եւ ՄԱԿ-ի դրօշին տակ տեղակայուած զինուորական եւ ոստիկանական անձնակազմերու ծառայութեան եւ անձնազոհութեան համար:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային հաղորդակցութեան վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն ի յայտ կու գայ, որ ՄԱԿ-ի անդամ 193 անդամ պետութիւններէն Հայաստանը ներկայիս 79-րդն է ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան ուղղուած գործողութիւններուն մեծագոյն թիւով զինուորական անձնակազմի տրամադրման առումով. կը ներառէ 32 խաղաղապահներ, ներառեալ երեք կին զինուորներ, որոնք կը ծառայեն Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի կազմին մէջ:

Առաջին հայ խաղաղապահը ՖԻՆԻՒԼ-ի կազմին միացած է փետրուար 2012-ին: Նոյեմբեր 2014-էն ի վեր, երբ Լիբանան հասաւ Հայաստանէն առաջին զօրախումբը` բաղկացած 33 զինուորներէ, Հայաստանը մնայուն ներդրում ունի առաքելութեան մէջ:

Հայաստան նախապէս քանի մը տարի շարունակ նաեւ սահմանափակ թիւով խաղաղապահներ տեղակայած է ՄԱԿ-ի հովանիին տակ Մալիի մէջ Բազմազգ միացեալ կայունացման առաքելութեան կազմին մէջ:

«Հայ տղամարդիկ եւ կիներ ծառայած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ բազմաբնոյթ միջավայրերու մէջ եւ ցուցաբերած արհեստավարժութեան ու նուիրուածութեան բարձր մակարդակ: Խորապէս երախտապարտ ենք տեւական խաղաղութեան եւ անվտանգութեան գործին մէջ անոնց ներդրումին համար», նշած է Լաքրուա:

Հայաստան նաեւ հաւանութիւն տուած է ընդհանուր քարտուղարի «Գործողութիւն յանուն խաղաղութեան պահպանման» նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է ամրապնդել խաղաղութիւնը աւելի նպատակային լիազօրութիւններու, աւելի ուժեղ եւ անվտանգ գործողութիւններու, աւելի յագեցած եւ պատրաստուած ուժերու եւ քաղաքական լուծումներու համար աջակցութիւն հաւաքագրելու միջոցով:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2022, 08:26