Կարտինալ Ամպոնկօ. «կը մաղթեմ, որ ձեր այցելութեան շնորհիւ թափանցիկ ընտրութիւններ կատարուին»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քինսաշայի երկրորդ օդակայանի տարածքին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ Պատարագի աւարտին, Քինշասայի թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պէսունկու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան կատարած մխիթարիչ այցելութեան եւ արատասանած սփոփիչ քարոզին համար։
Երախտագիտութեան խօսքին մէջ կարդինալ Ամպոնկօ նկատել տուաւ, որ Քոնկոյի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմակողմանի ճգնաժամեր՝ զինուած հակամարտութիւններ, յատուկէն երկրին արեւելեան շրջանին մէջ, տնտեսական տագնապ եւ ընկերային աղքատութիւն։
Քինսաշայի արքեպիսկոպոսը յարեց, թէ այսօր՝ Նորին Սրբութիւնը ընկալող ժողովուրդը կը տառապի իր մարմինին եւ հոգիին մէջ ու Հակառակ այս անարդար տառապանքին, Քոնկոլացիները վստահելի եւ յոյսով լի ժողովուրդ մըն է ու այս պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մխիթարիչ ներկայութիւնը՝ տառապող ժողովուրդին մօտ իսկական քաջալերանք է ։
Կարդինալ Ամոնկօ ապա նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ընտրական տարուան ընթացքին, որ յաճախ երկրին մէջ ընկերային եւ քաղաքական լարուածութեան աղբիւր է ։ Սակայն վստահելով Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին, Քոնկոյին ժողովուրդը կը յուսայ ազատ, թափանցիկ, ներառական եւ խաղաղ ընտրութիւններ կատարել իր երկրին մէջ։
Կարդինալ Ամպոնկօ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին, տառապող ժողովուրդին եւ իւրաքանչիւրին մօտ ներկայ գտնուելուն համար, ինչպէս նաեւ սփոփիչ քարոզին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ