Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (25)
ԻԵ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի նախաձեռնութեամբ «Մասիս» շաբաթաթերթի հրատարակութեան:
1947-ին, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի պաշտօնաթերթ «Աւետիք»ի և Լիբանահայ քաղաքական մամուլին կողքին՝ կը հիմնէ «Մասիս» ազգային, քաղաքական ու մշակութային հրատարակութիւնը, որ իբր բնաբան ունէր «Որպէս զէն՝ Ճշմարտութիւն»։ Արդարեւ, «Մասիս»ը համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներուն առջեւ բացուող պատուհան մը եղաւ իր ազգային, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, կրօնական, համայնքային և ժամանակակից նիւթերու բովանդակութեամբ. միաժամանակ ըլլալով քրիստոնէաճաճանչ փարոս մը։ «Մասիս»ի հրապարակութեան առթիւ՝ Կարդինալը Թուղթ Շրջաբերական մը հրապարակեց, որուն մէջ կ'ըսէր. «Մասիս Շաբաթաթերթը պիտի ունենայ հարուստ բովանդակութիւն իր կաթողիկէ տեսութիւններով, ազգային շունչով և աշխարհիս մտաւորական արձագանգով ամենէն լուսաւոր գաղափարները պիտի հասցնէ մեր սիրելի ժողովուրդին: Անոր բովանդակութիւնը ճառագայթումներն են ճշմարտութեան, հիմնուած զօրեղ և առողջ բանականութեան ու անյեղլի աստուածային Յայտնութեան վրայ, որուն՝ դարերու վկայութեամբն ալ աստուածադիր պահապանն է և հարազատ ջահակիրը Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղեցին՝ իր լուսասփիւռ վարդապետութեամբ: «Մասիս»ը իր անունով իսկ մեր ժողովուրդին և բոլոր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պիտի պահէ մեր հայրենի գաւառներուն և անոնց ձիւնաթիւր կատարներուն, որոնց վայելումը տակաւին անմատչելի է մեզի, սակայն անով՝ աւելի պիտի սաստկանայ մեր սէրն ու կարօտը» (Ձայն Հովուական էջ 301): «Մասիս» շաբաթաթերթի առաջին խմբագիրը եղած է բանիբուն Յարութիւն Վրդ. Թէքէեան (1947-1957), որուն մինչեւ 1960 յաջորդած է Ռաֆայէլ Վրդ. Պայեան։ Ապա, եւ մինչեւ 1973, հայ եկեղեցւոյ անխոնջ մշակ՝ Վարդան Վրդ. Թէքէեան վարած է խմբագրութիւնը, անմիջական օգնական ունենալով բազմահմուտ Մեսրոպ Վրդ. Թերզեանը եւ բանաստեղծ, բանասէր և գրականագէտ՝ Հրաչ Քաջարենցը։ Այնուհետեւ, «Մասիս»ի խմբագրութիւնը ստանձնած է Հ. Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան աջակցութեամբ՝ Հրաչ Քաջարենցին և վաստակաւոր լրագրող-խմբագիր՝ Սարգիս Նաճարեանին, որ միաժամանակ յաչս պետութեան՝ ստանձնած է թերթին պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնը։ Այն օրերուն, Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը որ այնքան նախաձախնդիր էր Հայ Եկեղեցւոյ հարազատ ծէսի պահպանումին և հայկական կրթօճախներէն ներս քրիստոնէականի դասաւանդութեան խորացման. ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդին քրիստոնէական դաստիարակութեան՝ «Մասիս» շաբաթաթերթի ընդմէջէն քաջալեր կ'ըլլար, որ խմբագիր վարդապետները իրենց ուշադրութեան առարկայ դարձնէին վերոյիշեալ սկզբունքները, և ըստ այնմ մասնաւոր ուսումնասիրութիւններ, թարգմանական աշխատասիրութիւններ և ընտիր յօդուածներ հրապարակեն սոյն թերթին մէջ: Առաւել, կղերական դասի կողքին՝ թէ՛ ժողովուրդի մտաւորական դասուն և թէ՛ Հ.Կ.Ե.Մ.ի անդամներուն կոչ կ'ընէ որ ոգեւին լծուին «Մասիս»ի հրատարակման գործին և իրենց մանակցութիւնը բերեն ուշագրաւ յօդուածներով և օգտակար գրութիւններով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ