Յորդանանէն մինչեւ Վատիկան ցուցահանդէս մը՝ բացայայտելու «քրիստոնէութեան արշալոյսը»
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Յորդանան. քրիստոնէութեան արշալոյսը», այս է խորագիրը Վատիկանի մէջ 31 Յունուար 2025էն մինչեւ 28 Փետրուար 2026ը կազմակերպուող ցուցահանդէսին՝ բացայայտելու համար քրիստոնէութեան արմատները Յորդանանի մէջ, եւ կը համընկնի Յորդանանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30ամեակի եւ 1964 թուականին Սուրբ Պօղոս Զ Պապի Մերձաւոր Արեւելքի այդ Երկիր կատարած այցի տարեդարձի հետ:
Կազմակերպիչներն են Յորդանանի Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարարութիւնը եւ Զբօսաշրջութեան վարչութիւնը։ Ընդգրկուն ցուցահանդէս, որ նախապէս ներկայացուեցաւ հանրութեան 8 Յունուարին մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Յորդանանի դերը քրիստոնէական հաւատքի ծնունդի եւ զարգացման մէջ
Բոլոր բանախօսներու կողմէ ընդգծուեցաւ նախաձեռնութեան բացառիկութիւնը, որ կը հրաւիրէ հաւատացեալները եւ բոլոր ժողովուրդները վերաբացայայտելու Յորդանանի դերը քրիստոնէական հաւատքի ծնունդի եւ զարգացման մէջ եւ տօնելու խաղաղութեան, միասնութեան եւ քրիստոնէութեան մնայուն ժառանգութիւնը Յորդանանի մէջ։
Պիտի ներկայացուի 80էն աւելի նմուշներէ բաղկացած եզակի հաւաքածու մը, շատերը ճանչցուած ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ, որոնք կը թուագրուին մեր թուարկութեան առաջին դարով՝ ընդգրկելով բիւզանդական, իսլամական եւ հաշիմեան դարաշրջանները: Առկայ են նաեւ լսատեսողական տարրեր, որոնք այցելուներուն պիտի ուղեկցին Յորդանանի երկու հազար տարուայ քրիստոնէական պատմութեան ճամբուն։
Յորդանանի սուրբ վայրերը
Ցուցահանդէսը արժեւորելու է Երկիրի հինգ սուրբ վայրերը ՝ Մաղթասը, Յիսուսի մկրտութեան վայրը, Նեպօ լեռը, Լեռան Տիրամայր եկեղեցին, Թել Մար Էլիասը եւ Մաքարիոսը, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի կարեւոր կրօնական եւ պատմական նշանակութիւն։ Նշենք թէ՝ շատերու կողմէ «քրիստոնէութեան օրրան» համարուող Յորդանանի 11 միլիոնանոց բնակչութեան շուրջ 4 առ հարիրը քրիստոնեաներ են։
Մամլոյ Ասուլիսի բացումը կատարեց Յորդանանի Զբօսաշրջութեան եւ հնութիւններու նախարար Լինա Աննապը, որ ընդգծեց սուրբ վայրերը պահպանելու իր Երկիրի յանձնառութիւնը: Ան այնուհետեւ տեղեկացուց, որ ցուցահանդէսը «շարժական» պիտի ըլլայ եւ ապագային պիտի շրջի այլ Երկիրներ եւ շեշտեց, որ նախաձեռնութիւնը կը վերահաստատէ «Յորդանանի ջանքերը՝ պաշտպանելու Յորդանանի եւ տարածաշրջանի քրիստոնեաներուն՝ որպէս իր անցեալի, ներկայի եւ ապագայի էական մաս»:
Տարբեր կրօններու համակեցութեան կարեւորութիւնը
Ասուլիսին մասնակցեցաւ եւ խօսք առաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Փիեթրօ Տալ Թոզոն, որ ընդգծեց տարբեր հաւատքներու համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Ան հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց այնուհետեւ Սուրբ Աթոռի եւ Յորդանանի 30 տարիներու յարաբերութիւններուն վրայ՝ նշելով, որ այդ առթիւ անցեալ տարի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու քարտուղար արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր այցելած է Յորդանան։ Արքեպիսկոպոս Տալ Թոզոն յիշեց նաեւ 2014 թուականի Մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Երկիր եւ մէջբերեց Քահանայապետի յատուկ նամակը` ուղղուած Սուրբ Երկիրի կաթողիկէներուն։ Այնուհետեւ անդրադառնալով Յիսուսի Մկրտութեան վայրի մէջ եկեղեցւոյ օծումին առթիւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի մօտալուտ այցին, շեշտեց, որ այդ մէկը կը դիտուի որպէս յաւելեալ նշան տարածաշրջանի քրիստոնեաներուն Եկեղեցւոյ մօտիկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ