2025.01.07 Corteo dei Tre Magi 2025, Siedlce, Polonia (Janusz Mazurek)

Լեհաստանի մէջ Մոգերու Երթին մասնակցած է երկու միլիոն մարդ

Աստուածայայտնութեան տօնին Լեհաստանի 905 քաղաքներու մէջ տեղի ունեցաւ Երեք Մոգերու աւանդական երթը: Կազմակերպիչներու տուեալներով՝ մասնակցած է երկու միլիոն մարդ։ Երթեր կազմակերպուած են նաեւ Եւրոպայի, Ամերիկիոյ, Ասիոյ եւ Ափրիկէի տարբեր երկրներու մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ պատգամ յղած է մասնակիցներուն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Վկայութիւն տուր քո հաւատքիդ մասին

Սրբազան Քահանայապետը ողջունած է Լեհաստանի մէջ Երեք Մոգերու Երթերու մասնակիցները.․ «Ես իմ ողջոյնը կը յղեմ Լեհաստանի մէջ Երեք Մոգերու Քայլարշաւի մասնակիցներուն, որոնք այս նախաձեռնութեամբ կը վկայեն իրենց հաւատքի մասին Վարշավայի եւ Լեհաստանի բազմաթիւ քաղաքներու եկեղեցիներու եւ փողոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ՝ ներառեալ այստեղ՝ Հռոմի մէջ»: «Կ’ողջունեմ բոլոր լեհերը», ըսած է Սրբազան Հայրը Աստուածայայտնութեան տօնին օրը Մարեմեան աղօթքի աւարտին։

Միջոցառումը բաց է բոլորի համար

17 տարի շարունակ Լեհաստանի քաղաքներու մէջ 6 Յունուարին կը կազմակերպուին բազմերանգ երթեր՝ ակնարկելով Արեւելքէն դէպի նորածին Քրիստոսը մոգերու աւետարանական պաշտամունքը։ Երթերու գլխաւոր կազմակերպիչ Փիոթր Կիերթիքը Վատիկան Նիուզին ըսած է, որ այս տարի մօտ երկու միլիոն մարդ մասնակցած է միջոցառումին եւ այդ մէկը Լեհաստանի 905 քաղաքներու մէջ, 2024 թուականի բաղդատութեամբ 25 քաղաք աւելի։ Միայն Վարշավայի մէջ մասնակիցներու թիւը հասած է շուրջ 50․000ի։

Բացի այդ, երթեր կազմակերպուած են նաեւ արտերկրի մէջ՝ Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, ԱՄՆի, Վենեզուելլայի, Կուբայի, Քամերունի, Չատի, Նիճերիոյ, Ռուանտայի եւ նոյնիսկ Ղազախստանի մէջ:

Երթերը բաց են բոլորի համար․ անոր ներգրաւուած են ծխերն ու դպրոցները, ընտանիքները, նոյնիսկ այն մարդիկ, որոնք կապուած չեն Եկեղեցւոյ հետ: Այդ է պատճառը նաեւ, որ լայն տարածում եւ ժողովրդականութիւն կը վայելեն:

Աւանդոյթ, որ սկսած է 2008 թուականէն

«Այս միջոցառմանը մասնակցութեան այսպիսի մեծ թիւը ցոյց կու տայ, որ կարիք ունինք ապրելու այս տօնը, որուն իսկութիւնն այն է, որ մենք բոլորս կ’ուզենք երթալ Քրիստոսի մօտ՝ երկրպագելու Իրեն, եւ այս երկրպագութիւնը մեզ վեր կը բարձրացնէ»։ Վատիկան Նիուզին այս միտքը արտայայտած է Վարշավայի Արքեպիսկոպոս Ատրիան Կալպասը:

Երեք Մոգերու Երթերու աւանդոյթը Լեհաստանի մէջ սկիզբ առած է 2008 թուականին: Ըլլայ մանուկները ըլլայ մեծահասակները այդ առիթով կը հագնին Սուրբ Ծննդեան շրջանի աւետարանական կերպարներու տարազներ եւ կը քալեն երգելով Սուրբ Ծննդեան երգեր, որու գագաթնակէտը Մանուկ Յիսուսի երկրպագութիւնն է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2025, 08:00