2025.02.25   Elezione del nuovo Superiore del Convento di Bzommar

Հայր Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթէրեան ընտրոեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ

Միաբանական ընտրական Ժողովը ընտրեց նաեւ չորս վարչականներ՝ յանձինս` Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանի, Հայր Տիգրան Վրդ. Փիլիպոսեանի, Հայր Վարդան Վրդ. Ճալլուֆեանի եւ Հայր Կարապետ Վրդ. Գլընճեանի:
Ունկնդրէ լուրը

Նախագահութեամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Մասնակցութեամբ` Միաբան Եպիսկոպոսներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած միաբաններու, Զմմառու Տիրամօր Վանքին մէջ, 24 եւ 25 Փետրուարի կայանալիք` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի մեծաւորի, Պատրիարքական փոխանորդի եւ վարչական հայրերու ընտրական ժողովը ընթացք առաւ Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ի, առաւօտեան ժամը 8-ին, Վանքի «Փոխման Սուրբ Կուսին» մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագով, զոր մատուցանեց մեծաւորի տեղապահ` Գեր. Պերճ Վրդ. Սապէ։

Պատարագէն ետք ժողովականները եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան հոգեւոր ամփոփումին, որուն զեկուցումը կատարեց Հայր Ժան Քալաքէշ։

Կէսօրէ ետք, ժամը 3։30-ին, Արծիւեան ժողովասրահին մէջ, Նախագահութեամբ հոգեւոր Տիրոջ, ընտրական ժողովի բացումը յայտարարուեցաւ, ուր գումարուեցաւ անդրանիկ նիստը։ Նախկին վարչականները ներկայացուցին իրենց ծաւալած աշխատանքին տեղեկագիրները։

Երկրորդ օրուան ընտրական ժողովին, իբրեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ ընտրուեցաւ Հայր Մաշտոց Ծ. Վրդ. Զահթէրեան:

Միաբանական ընտրական Ժողովը ընտրեց նաեւ չորս վարչականներ՝

Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան

Հայր Տիգրան Վրդ. Փիլիպոսեան

Հայր Վարդան Վրդ. Ճալլուֆեան

Հայր Կարապետ Վրդ. Գլընճեան:

Աւարտին շնորհաւորանքները ընդունուեցան Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ զանգակատունը բարձր ղօղանջեց աւետելով նոր մեծաւորի ընտրութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 09:34