Հաղորդամիջոցներ Հաղորդամիջոցներ 

«Համացանցը եւ Երիտասարդութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Եկեղեցին կոչ կ'ընէ իր երիտասարդներուն շփուիլ համացանցի հետ, սակայն միշտ ըստ այն սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են քրիստոնէական ուսուցումներու վրայ՝ սիրոյ, հաւատքի եւ բարեգործութեան:

Վերջերս դիմատետրի վրայ հանդիպեցայ Լիբանանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ երիտասարդութեան հանդիպումներու, բան մը որ ինծի սրտի խոր գոհունակութիւն պատճառեցրեց:

Ժամանակակից զարգացումներու եւ գիտական յառաջդիմութեան զուգահեռ, կարեւոր է դիտարկել, թէ ինչպէս կաթողիկէ եկեղեցին՝ իր ուսուցումներով եւ արժեգներով, կը վերաբերի երիտասարդութեան հասարակութեան մէջ ունեցած դերին մասին ՝ յատկապէս հաղորդակցման միջոցներուն եւ ընկերային համացանցերու հետ: Այս թեման անչափ նշանակալի է, որովհետեւ վերջին տարիներու ընթացքին ընկերային համացանցը դարձած է մարդու առօրեային անբաժանելի մէկ մասը. իսկ երիտասարդները կը գտնուին անոր կեդրոնը: Անոնց մօտեցումը նիւթապաշտ աշխարհին ու անոր արժեգներուն հանդէպ, մեծապէս փոխուած են: Եկեղեցին այստեղ ունի իր հիմնական դերը՝ յուշելու այնպիսի ուղիներ, վեր առնելով քրիստոնէական պատուիրանները, որոնք կ'օգնեն երիտասարդներուն որպէսզի չկորցնեն իրենց հոգեւոր ուղղութիւնը եւ քրիստոնէական արժէքները:

Կաթողիկէ եկեղեցին միշտ ալ անհրաժեշտ գտած է, որ իր հաւատացեալները՝ յատկապէս երիտասարդները, զբաղուին կարեւոր հարցերով՝ այն ինչ որ կը վերաբերի քրիստոնէական կեանքի հիմքերուն հետ եւ : Երիտասարդները համացանցի միջոցով իրենց գաղափարներն ու մշակոյթը կրնան փոխանակել տարբեր հարցերու եւ եղելութիւններու մասին: Սակայն, միաժամանակ, համացանցը կրնայ հանդիսանալ կործանիչ գործիք մը, եթէ չօգտագործուի ըստ քրիստոնէական եւ ճշմարիտ արժեգներու: Եկեղեցին կը հասկանայ, որ համացանցը՝ իր բաց ու հասանելի բնոյթով, կրնայ դառնալ նաեւ վնասակար դաստիարակութեան վայր, ուր թշնամական քարոզչութիւն եւ վայրագութեան ազդեցութիւնները կը սփռուին: Ասոնք համացանցի վտանգներէն մէկն օրինակն է, որու վերաբերեալ եկեղեցին յաճախ կը յուշէ իր հաւատացեալներուն:

Կաթողիկէ եկեղեցին կը նկատէ, որ համացանցը, երբ օգտագործուի ի բարօրութիւն հասարակութեան, կրնայ ծառայել քրիստոնէական ճշմարտութեան տարածման. հաղորդել բարոյական արժեգներ. աջակցել ընկերային արդարութեան գաղափարներուն ու տարածել ողորմութեան ու բարութեան առաքինութիւնները: Եկեղեցին կոչ կ'ընէ իր երիտասարդներուն շփուիլ համացանցի հետ, սակայն միշտ ըստ այն սկզբունքներուն, որոնք հիմնուած են քրիստոնէական ուսուցումներու վրայ՝ սիրոյ, հաւատքի եւ բարեգործութեան: Եկեղեցականները միշտ կը պնդեն, որ երիտասարդները պէտք է խուսափին բացասական ազդեցութիւններէն եւ համացանցի հետ կառուցեն ուղիղ կապ մը, որոնք հիմնուած են փոխ-ըմբռնումի, սիրոյ եւ հաւատքի վրայ:

Այս ամբողջը չի նշանակէր, որ կաթողիկէ եկեղեցին կը մերժէ համացանցի օգտագործումը. այլ միայն՝ կը յորդորէ երիտասարդներուն, որ ըլլան ուշադիր ու պատասխանատու իրենց համացանցային վարքագիծին մէջ: Եկեղեցին կը հաւատայ, որ ճիշտ դաստիարակութիւնը, որ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյ ու համբերութեան վրայ, կրնայ օգնել երիտասարդներուն, որ օգտագործեն համացանցը իր առաւելագոյն անհնարաւորութիւնով՝ առանց զոհաբերելու իրենց հոգեւոր արժեգներն ու կեանքերը:

Այդպիսով՝ համացանցն ու երիտասարդութիւնը կաթողիկէ եկեղեցիին տեսանկիւնէն այն է, ինչ որ կրնայ գործել ի բարօրութիւն մարդկութեան եւ քրիստոնէական ուսուցումին. բայց միայն այն ժամանակ, երբ իւրաքանչիւր անհատ յիշէ, որ համացանցը մեզ ենթակայ կը դարձնէ բարձրագոյն պատասխանատուութեան հանդէպ հասարակութեան՝ մտքով, ինչպէս նաեւ հոգիով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2025, 07:00