2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (17)

Մխիթար սարկաւագ կը մեկնի Սեւանի վանքէն դէպի Բասեն - Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

17.- ՄԽԻ­ԹԱՐ ԱՉ­ՔԵ­ՐՈՒ ՑԱ­ՒՈՎ ԿԸ ՏԱ­ՌԱ­ՊԻ ԿՈՒՐ­ՆԱ­ԼՈՒ ԱՍ­ՏԻ­ՃԱՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Գ­րե­թէ հինգ ամիս ան­ցած էր, որ Մխի­թար Սե­բաս­տիա հա­սած էր եւ Ս. Նշա­նի վան­քը կ՚ապ­րէր, երբ 169­4ի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն աչ­քե­րու ան­տա­նե­լի ցաւ մը կ՚ու­նե­նայ, որու հե­տե­ւան­քով եր­կու աչ­քե­րուն մէջ արիւն կը լե­ցուի եւ տե­սո­ղու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին կը մթագ­նի։ Ինք­նա­բաւ չըլ­լա­լով կը ստի­պուի հայ­րա­կան տուն եր­թալ, ծնո­ղա­կան գուր­գու­րոտ խնամ­քին յանձ­նուե­լով։

Դժ­բախ­տա­բար քա­ղա­քին մէջ մաս­նա­գէտ ակ­նա­բոյժ չկար, որու հե­տե­ւան­քով այն   դե­ղա­մի­ջոց­նե­րը որ կը փոր­ձեն՝ մեղ­մաց­նե­լու փո­խա­րէն կը վատ­թա­րաց­նեն աչ­քե­րու վի­ճա­կը եւ կը բազ­մա­պատ­կեն ցա­ւե­րը, ինչ­պէս նաեւ ակ­նա­կա­պի­ճին մէջ արեան առա­տու­թիւ­նը կը շատց­նեն։

­Դեկ­տեմ­բեր ամիսն էր, ցուրտ ձմեռ։

­Խոր­հուրդ կու տան տաք բաղ­նիք տա­նիլ Մխի­թա­րին եւ գլու­խէն արիւն հա­նել։ Այդ անե­րե­ւա­կայե­լի տան­ջան­քին են­թար­կուե­լէ ետք, Մխի­թար սար­կա­ւա­գը ամ­բողջ գի­շեր անընդ­մէջ, մին­չեւ առա­ւօ­տեան լու­սա­բա­ցը կը տա­ռա­պի ձախ աչ­քին մէջ ան­դա­դար ծա­կոց մը զգա­լով, կար­ծէք սայ­րա­սուր բե­ւեռ մը, սրա­ծայր գամ մը աչ­քը մտց­նէին։ Այս տան­ջան­քին ծան­րու­թեան տակ Մխի­թար կ՚ա­ղա­ղա­կէր, մերթ ընդ մերթ սր­տաճմ­լիկ հա­ռա­չանք­ներ բարձ­րա­ձայ­նե­լով։ Իսկ շուր­ջին­նե­րը չգիտ­նա­լով ինչ­պէս օգ­նել, ճա­րա­հատ եւ ան­զօր, իր հետ կը տա­ռա­պէին եւ ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը անե­րե­ւա­կայե­լի հե­ծե­ծան­քի մէջ կ՚ան­ցը­նէ այդ գի­շե­րը։­

Ար­շա­լոյ­սին, յու­սա­հա­տա­կան ճիչ մը կը լսուի տան մէջ. Շահ­րիս­տանն էր, Մխի­թա­րի մայ­րը, որ աղե­կէզ աղա­ղա­կով մը կ՚ար­տա­սուէր եւ կ՚ող­բար զա­ւա­կին աչ­քե­րու լոյ­սի կո­րուս­տը եւ չէր ու­զեր մխի­թա­րուիլ։ Ար­դա­րեւ, լու­սա­բա­ցին Մխի­թար կ՚անդ­րա­դառ­նայ որ ինք կը շա­րու­նա­կէր մու­թի մէջ մնալ, եւ խա­ւա­րը չէր փա­րա­տած իր շուր­ջը։ Ան­մի­ջա­պէս աչ­քե­րը կը զն­նեն ու կը տես­նեն որ աջ աչ­քը սեւ ջու­րով փա­կուած էր իսկ ձախ բի­բին վրայ սպի­տակ ոսպ­նա­ձեւ բիծ մը գո­յա­ցած էր եւ արեան յոր­դու­թեան պատ­ճա­ռով ցաւն ալ ան­տա­նե­լի էր։

­Մինչ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը սր­տաճմ­լիկ աղե­խարշ կո­ծե­րու մէջ էին, որ Մխի­թար սար­կա­ւա­գը դե­ռափ­թիթ հա­սա­կին կու­րու­թեան մատ­նուած էր, ին­քը, ան­տր­տում, Աս­տու­ծոյ ձեռ­քէն ըն­դու­նե­լով այս ամէ­նը ինք­զին­քը կ՚ըն­ծայէր աս­տուա­ծային խնամ­քին եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը կը յոր­դո­րէր նոյն­պէս վս­տա­հիլ Աս­տու­ծոյ բազ­մա­գութ սի­րոյն։

Յանձ­նուե­լով Քրիս­տո­սի կամ­քին կ՚ա­ղօ­թէր, Ամէ­նօրհ­նեալ կոյ­սէն խնդ­րե­լով, որ եթէ ու­զէ, եթէ հա­ճոյ է իրեն, ա՛յն­քան տես­նէ՝ որ ինք­նա­բաւ ըլ­լայ շր­ջե­լու առանց ձեռն­կա­լի մը օգ­նու­թեան, կա­րե­ւոր չէ ցու­պով թէ առանց ցու­պի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2025, 07:25