Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր ըստ լատինաց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնն է հաստատուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, վաւերական մէկ հրահանգով, որ հրատարակուեցաւ 2 Փետրուարի 2021-ին, «Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման» Վատիկանեան վերատեսչութեան կողմէ որով «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ» Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակութիւնը՝ կամ տօնը, ներմուծուեցաւ Արեւմտեան Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական տօնացոյցին մէջ` սահմանելով զայն յիշատակել ամէն տարուայ Փետրուարի 27-ին:
Վերոնշեալ հրամանագիրին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Սրբութիւնը լծորդուած է ճանաչողութեան հետ, որ փորձառութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի Խորհուրդին, որ անլուծանելի կերպով կապուած է Եկեղեցւոյ Խորհուրդին: Սրբութեան եւ աստուածային ու մարդկային իմացականութեան միջեւ այս կապը՝ առանձնայատուկ կերպով կը ցոլայ անոնց մէջ, որոնք զարդարուեցան Եկեղեցւոյ Վարդապետ-ի տիտղոսով»:
Յիշատակելի է, նաեւ, որ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով է ու նախագահութեամբ է որ, 2018-ի Ապրիլի 5-ին, Վատիկանի Այգիներուն մէջ զետեղուեցաւ Հայոց Մեծ Սուրբին, եւ այժմ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ նորահռչակ յիշատակելի Սուրբին, հայու ձեռքով քանդակուած արձանը – նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ – մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, հայազգի երեք Կաթողիկոսներուն եւ այլ պաշտօնական հայ թէ օտար անձնաւորութիւններու:
Անդրադառնալով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետին՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի մասին, Վատիկանեան հրամանագիրը կը յորջորջէ հայազգի սուրբը՝ որպէս Մարիամ Աստուածածինի ջատագով եւ սիրահար կրօնաւոր: Անոր ստեղծագործութիւնները կը պարունակեն «Երգ Երգոց»-ի մեկնաբանութիւնը, բազմաթիւ ներբողներ եւ բանաստեղծական 95 աղօթքներու հաւաքածոյ մը «Նարեկ» կոչուած, այն մենաստանին անունով, ուր անցուցած էր իր ամբողջ կեանքը։
Նարեկացին գրականութիւն մշակելու նպատակով չէ գրած իր տաղերը, այլ արտայայտելու իր հոգեւոր ճախրանքն ու փնտռտուքը եւ իր ձգտումը` գտնելու զԱստուած իր անձին ընդմէջէն եւ ինքզինք գտնելու Աստուծոյ մէջ:
Նարեկացին իր կեանքի վերջալոյսին 1003-թուին գրեց իր գլուխ գործոց «Մատեան Ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը:
Սոյն կոթողը 95-գլուխներէ բաղկացած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բանաստեղծական ոճով գրուած «ի խորոց սրտի խօսք» է` ուղղուած Աստուծոյ:
Այս գործով Նարեկացին կը փորձէ ուղղակի կապի մէջ մտնել Աստուծոյ հետ: Իրեն համար հաւատքը կը նշանակէ «խօսիլ Աստուծոյ հետ» եւ ո'չ Աստուծոյ մասին: Այդ տաղերուն ընդմէջէն ան կը բանայ եւ կը դրսեւորէ իր ներաշխարհը Աստուծոյ առջեւ, եւ իր անձնականին մէջէն կը ներկայացնէ իր ժողովուրդին իղձերը, տառապանքներն ու երազները:
Նարեկացին «Մատեան Ողբերգութեամբ» մեզի կը ներկայացնէ մարդու եւ յատկապէս իր մէջ եղած բախումը` չարին եւ բարիին, մարմինին եւ հոգիին, լոյսին եւ խաւարին, որոնք խորապէս կը տանջեն զինք` յառաջացնելով մարդկային ողբերգութիւնը:
Նարեկացիի աղօթքները ներմուծուած են մեր ծիսական արարողութիւններուն մէջ, եւ մինչեւ օրս անոնք կը գործածուին, որովհետեւ անոնց մէջ միացած են բարձր ոգեղինութիւնը, խորացած հաւատքը, կրօնական ուսմունքները եւ բարոյական սկզբունքները:
Խոստովանութիւններու սեռին պատկանող «Մատեան Ողբերգութեան» ը ժամանակներէն անդին կը շարունակէ իր գոյութիւնը: խոստովանելով` մարդ կը մաքրուի իր վրայ կուտակուած կեղտերէն: Խոստովանութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ անհատին` իր հոգին Սուրբ Հոգիին լոյսով լեցնելու: խոստովանութիւնը մաքրութեան ընթացք մըն է, բիւրեղացման ընթացք մը: Այս իմաստով, Նարեկացիի աղօթամատեանին խոստովանութիւնները, առաջին էջէն մինչեւ վերջինը, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ ինքն իր անձին հետ կռիւ տալու ընթացք մը` Աստուծոյ բարեհաճ ըլլալու համար:
Եւ վերջապէս «Մատեան Ողբերգութեան»ը հայերուս համար ունի Սուրբ Գրային հանգամանք: Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք Սուրբ Գիրքի կողքին ունի Նարեկը իբրեւ ժողովուրդի հոգեւոր սնունդ, որմէ յարատեւ կը ստանայ մեղքերու քաւութիւն եւ հիւանդներու բժշկութիւն: «Նարեկի» բուժիչ զօրութիւնը շատ կարևոր են մեզի Հայ ժողովուրդիս համար, որ յաճախ այդ գիրքը կը գործածէ հիւանդներու բարձերուն տակ դնելով՝ այն վստահութեամբ` որ ան կարող է բուժել ոչ միայն հոգին, այլեւ մարմինը։
Գրիգոր Նարեկացիի ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն Անոր բանաստեղծական և աստուածաբանական ժառանգութեամբ։ Ան նաև «միսթիք« էր, ու անոր գրութիւնները կ՛ արտացոլէին Աստուծոյ հետ մտերմութեան և աստուածային շնորհքի փափագը։ Անոր աղօթքները ցոյց կու տան մեղաւոր մարդու խոցելիութիւնն ու Աստուծոյ ողորմութեան ամենակարողութիւնը։
Նարեկացին հաշտութեան և միասնութեան քարոզիչը եղած է։
2015 թուականի Ապրիլ 12ին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ նախագահած Սուրբ պատարագի ընթացքին որ նուիրուած էր նաեւ հայոց ցեղասպանութեան բիւրեղ նահատակներուն հարիւրամեակին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ՝ զայն դարձնելով պատմութեան մէջ 36 Տիեզերական Վարդապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ