Ս. Գրիգոր Նազիանզացին Ս. Գրիգոր Նազիանզացին 

«Ս. Գրիգոր Նազիանզացին եւ հաւատացեալներու տարբեր օրինակները» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Առաքինութիւնները երբեք չեն կրնար ինքնագովութեան եւ կամ պարծենալու միջոցներ ըլլալ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Երբոր առարկայական նայուածք մը նետենք ներկայի քրիստոնեաներու վիճակին, հաւատքի հանդէպ տարբեր տեսակի ըմբռնումներ եւ կամ մօտեցումներ կը տեսնենք: Կրնանք գտնել ոմանք, որոնք միայն տօներուն եւ առիթներուն եկեղեցի կու գան. ուրիշներ երբեք չեն յաճախեր եկեղեցի, բայց եւ այնպէս իրենց հաւատքով կը յոխորտան. կան ուրիշներ, որոնք եկեղեցի կը յաճախեն եւ իրենց այս «առաքինութիւնը», որպէս մուրճ գործածելով, կը զարնեն բոլորին գլխուն: Անշուշտ կան նաեւ խոնարհ հաւատացեալներ որոնք կու գան իրենց անձերուն փրկութիւնը փնտռելով: Քրիստոս այս կէտը բացատրելու համար պատմեց փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը: Հոն կը տեսնենք երկու տեսակ հաւատքի մարդեր՝ մէկը բոլոր պատուիրանները կը պահէ, իսկ միւսի օրինազանցութեամբ կ'ապրի: Առաջինը՝ թէեւ երեւութապէս ամբասիր է, սակայն այնքան շշմած է իր «բարի» գործերով, որ Աստուծոյ ողորմութենէ ամբողջովին հեռացած էր: Իսկ մաքսաւորը՝ գիտակցելով իր մեղսալից կեանքին մասին, մէկ բան կ'աղաչէր Աստուծմէ՝ ողորմութիւնը: Այս առակը բոլորիս ծանօթ է եւ գիտենք, թէ Յիսուս որու գնահատեց:

Առաքինութիւնները երբեք չեն կրնար ինքնագովութեան եւ կամ պարծենալու միջոցներ ըլլալ: Ս. Գրիգոր Նազիանզացի եւ կամ Աստուածաբան, ինչպէս կը կոչէ զինք ուղղափառ եկեղեցին, տեսնելով քրիստոնեաներու իրականութիւնը, զանոնք երեք դասերու եւ կամ տեսակներու կը բաժնէ: Ոմանք եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Գրիգորի այս բաժանում ուշագրաւ կը նկատեն, որովհետեւ եթէ ուզենք արժեւորել քրիստոնեաներ, կրնանք երեքէ շատ աւելի դասերու բաժնել զանոնք: Բայց սուրբը իր դասաւորումէ դուրս մարդիկը քրիստոնէութիւնէ հեռու կը նկատէ:

Դառնալով Նազիանզացիին երեք տեսակներուն... Ան առաջին դասի պատկանող քրիստոնեաները ծառայ կամ ստրուկ կջանուանէ: Ասոնք այն քրիստոնեաներն են, որոնք եկեղեցի կու գան եւ Աստուծոյ պատուիրանները կը պահեն, սակայն ստրուկի մտածելակերպով՝ այսինքն վախէ մղուած: Անոնք կը վախնան Աստուծոյ պատիժէն եւ այդ պատճառով կը հնազանդին Իրէն: Սուրբը երկրորդ դասի քրիստոնեաները կը կոչէ՝ աւագ ծառաներ: Ասոնք անոնք են, որ կը հնազանդին Աստուծոյ պարգեւներ եւ նուէրներ ակնկալելով: Նման քրիստոնեաներու աղօթքը միշտ խնդրանքներ են, Աստուծմէ բան մը ակնկալելու ուղղութեամբ: Իսկ երրորդ տեսակի քրիստոնեաները անոնք են, որոնց համար Ս. Գրիգոր «Որդիներ» կը կոչէ: Ասոնք անոնք են, որոնք Աստուծոյ կու գան զԱյն մեծարելու, պաշտելու, սիրելու եւ սիրուելու Իրմէ:
Հիմա, որ Քրիստոսի առակով եւ սուրբին վերլուծումով տեսանք, թէ ինչպիսի քրիստոնեաներ կան, հարցում մեզի հետեւեալն է՝ որ դասի մէջ կը տեսնենք մենը զմեզ: Որովհետեւ, եթէ մեր մօտեցումը Աստուծոյ ճշմարիտ չէ, երբեք Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը պիտի չվայելենք:

Հետեւաբար քննենք մեր անձերը, ինչպէս կ'ըսէ Ս. Պօղոս, տեսնելու համար եթէ հաւատքի մէջ ենք: Թող այս խորհրդածականը բոլորիս համար ըլլայ խթան մը, որպէսզի մեր յարաբերութիւնը աւելի մտերմացնենք Աստուծոյ հետ, որու մօտ է միայն մեր փրկութիւնը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2025, 09:04