2025.03.10 CEI - CONSIGLIO PERMANENTE PREGHIERA PER IL PAPA

Մօտ ենք Ֆրանչիսկոս Պապին: Անհրաժեշտ է ներդրումներ կատարել Եւրոպայի կառուցման եւ խաղաղութեան համար․ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի

Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի նախագահը, ներկայացնելով Մշտական Եպիսկոպոսական խորհրդի աշխատանքը, իտալական եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը արտայայտեց Սրբազան Քահանայապետին եւ հրաւիրեց կաթողիկէները երկխօսութեան առարկայական նախաձեռնութիւններ ձեռնարկել յանուն խաղաղութեան, որպէսզի «զէնքի տրամաբանութիւնը» չի գերակայէ։ Ազգայնականութիւնը «հակասութեան մէջ է Աւետարանի հետ», շեշտեց ան։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մեր սրտերը եւ աղօթքները ուղղենք Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ բուժուող Ֆրանչիսկոս Պապին եւ մեր մտքերն ու յանձնառութիւնները՝ Իտալիոյ, Եւրոպային եւ «պատերազմի ողբերգութեան մէջ ընկղմուած» աշխարհին, ուր դէպի խաղաղութիւն տանող նոր եւ առաջին քայլերը կարիք ունին «ուժեղ մտքերու եւ մշակոյթի եւ երկխօսութեան ընդունակ հաւատացեալներու»: Այս է Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի նախագահ եւ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի միտքը՝ ամփոփ, զոր արտայայտեց Մշտական​​Եպիսկոպոսական խորհրդի ժողովի աշխատանքին ունեցած իր ելոյթին մէջ։

Երեկ՝10 Մարտի յետմիջօրէին սկսած ժողովը սկիզբ առաւ սուրբ պատարագով որու ընթացքին իտալացի եպիսկոպոսներու ներկայացուցիչները աղօթեցին Պապի առողջութեան համար, որ «խաղաղութեան եւ հոգևորութեան առաքեալ» է նաեւ ոչ հաւատացեալներու եւ այլ կրօններու հետեւորդներու համար։

Կարդինալ Ծուփփին ուրուագծեց չորս կեդրոնական նիւթեր՝ Յոբելեան, սինոդալ ուղի, խաղաղութիւն եւ Եւրոպա։

Յոբելեան

Յոբելեանի կապակցութեամբ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի նախագահը ընդգծեց մարդկային անձի արժանապատուութիւնը առաջնային նկատելու կարեւորութիւնը եւ ուշադրութիւնը հրաւիրեց բանտարկեալներու վրայ՝ կոչ ընելով ձեռնարկել այնպիսի նախաձեռնութիւններ, ինչպէս օրինակ համաներումը, որոնք կարող են վերականգնել անոնց յոյսն ու հասարակութեան մէջ կրկին ընդելուզուելու հնարաւորութիւնները։

Միասնական եւ երկխօսող Եւրոպա

Կարդինալ Ծուփփին յորդորեց ապա խթանել միասնական եւ երկխօսող Եւրոպայի կառուցումը։ Խաղաղութեան ուղին, բացատրեց ան, միշտ երկխօսութեան ճանապարհն է, այսօր նաեւ բազմակողմ երկխօսութեան ծիրէն ներս աշխատանքը։ Միջազգային կառոյցներու թուլացումը, ըստ անոր, պատճառ պիտի դառնայ «աւելի մեծ անորոշութեան», եւ ոչ «աւելի մեծ անվտանգութեան»: Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոսին համոզմունքն է, որ կաթողիկէները յանուն խաղաղութեան պէտք է առարկայական ներդրումներ կատարեն, որպէսզի «զէնքի տրամաբանութիւնը» չը գերակայէ։

Ազգայնականութիւնը

Կարդինալ Ծուփփին ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ ազգայնականութեան երեւոյթի վրայ, որ որպէս չարիք բնութագրեց, որ կը խթանէ պառակտումը` ազգերու միջեւ միասնութիւնն ու երկխօսութիւնը յառաջ մղելու փոխարէն: Ազգայնականութիւնը «հակասութեան մէջ է Աւետարանի հետ», շեշտեց ան։

Սինոդալ ճանապարհը

Մշտական​​Եպիսկոպոսական խորհուրդը իր աշխատանքներն պիտի աւարտէ 12 Մարտին եւ պիտի անդրադառնայ նաեւ այլ կարեւոր հարցերու՝ իր ապագայ աշխատանքները կենտրոնանալով ժամանակակից հասարակութեան հոգեւոր եւ նիւթական կարիքներու վրայ։ Այդ իմաստով Արքեպիսկոպոսը կարեւորեց սինոդալ ճանապարհը՝ ընդգծելով համագործակցական եւ ընդգրկուն մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը՝ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար, ինչպէս նաեւ յիշեցուց, որ երկրորդ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հռոմի մէջ Մարտ 31էն Ապրիլ 3ը, եւ անոր յաջորդող ընդհանուր համաժողովը՝ Մայիս 26էն 29ը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2025, 08:00