Քառասնորդաց,  աղօթք, պահք Քառասնորդաց, աղօթք, պահք 

«Ծոմապահութիւն՝ Ուխտագնացութիւն դէպի Ս. Յարութիւն» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Յառաջիկայ պահեցողութեան ժամանակ շրջանը ազդարարութիւն մը թող ըլլայ մեզի, որպէսզի հասկնանք Քրիստոսի բերած փրկութիւնը: Աղօթքով, ծոմապահութեամբ, եկեղեցւոյ արարողութիւններու մասնակցելով եւ սուրբերու կեանքերն ու յորդորները կարդալով, պայքարինք մինչեւ Ս. Յարութիւն: Թող ապրինք ծոմապահութեան բերած իսկական ապաշխարութիւնը, որպէսզի վայելենք յարութեան զօրութիւնը:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր կեանքի խճողուած առօրեային մէջ, ընդհանրապէս ժամանակ չենք ունենար մտածելու ապաշխարութեան մասին: Երբ առանց ապաշխարութեան մօտենանք Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանին, կը կարծենք որ ծոմը պարզապէս կարգ մը ուտելիքներէ զրկուիլ է, եւ կամ որոշ զբաղումներէ հեռանալ: Ասոնք կատարելով կը կարծենք, որ մեր պարտականութիւնները կատարած կ'ըլլանք եւ աւարտին Մեծ Պահքին հրաժեշտ կու տանք յաջորդող տարին տեսնուելու յոյսով: Սակայն եկեղեցին Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանը կարգած է, որպէս հոգեւոր պայքարի եւ ապաշխարութեան առիթ մը. բան մը, որ պէտք է մեր հաւատքը զօրացնէ եւ եկեղեցւոյ մեր պատկանելութիւնը առաւել հաստատէ: Ըստ այս մտածելակերպին պէտք է պահեցողութենէն դուրս գանք աւելի սրբացած եւ ըլլանք աւելի « մօտ փրկութեան՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք» (Հռոմ. 13:11):

Պահեցողութիւն ուխտագնացութիւն մըն է, որու կը միանայ իւրաքանչիւր հաւատացեալ խորացնելու համար իր հաւատքը, վերաքննելու իր կեանքի ընթացքը եւ ապա եկեղեցւոյ ուսուցումներու հետեւելով փորձէ ուղղել իր կեանքը: Պահեցողութիւնը իսկական ուխտագնացութիւն մըն է, ուր հաւատացեալը աւելի կը մօտենայ Աստուծոյ, խմելով եկեղեցւոյ զուլալ հորէն:

Երբ անձ մը ճամբորդութեան ելլէ, պէտք է գիտնայ իր վերջակայանը՝ նպատակը: Պահեցողութիւնն ալ, որպէս ուխտագնացութիւն, ունի իրէն նպատակ՝ Ս. Յարութիւնը: Որպէս այս, պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ է կապը ծոմապահութեան եւ Ս. Յարութեան: Հոս կարեւոր է յիշել, թէ Ս. Յարութիւնը աւելի է քան տարեկան յիշատակը դէպքի մը, որ կատարուեցաւ դարեր առաջ: Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին Ս. Յարութեան աղօթքներուն եւ շարականներուն, կը նկատեն՝ թէ բոլորը կը յիշեն դէպքը որպէս այսօր կատարուած իրականութիւն մը. Ինչպէս որինակ ՝ « ԱՅՍՕՐ Քրիստոս յարութիւն առաւ», եւ կամ « ԱՅՍՕՐ երկինքն ու երկիրը աստուածային լոյսով լեցուեցաւ...»: Ասոր բացատրութիւնը այն է՝ թէ այն կեանք, որ գերեզմանէ ժայթքեց երկու հազար տարիներ առաջ, ԱՅՍՕՐ մեզի տրուեցաւ: Այս կեանքը, որ մեզի պարգեւուեցաւ մեր մկրտութեամբ, կը շարունակուի ծորիլ մեր կեանքերուն մէջ, որպէսզի կարենանք Աստուծոյ շնորհքով ապրիլ կեանք մը վայել Իր անունին: Թէեւ այս կեանք ընթացքին պիտի հանդիպինք մահուան, սակայն Քրիստոս իր « Մահուամբ զմահ կոխեաց» եւ զայն դարձուց փոխանցման կայարան մը դէպի յաւիտենական կեանք: Նոյն իմաստով մեր կեանքի բոլոր փոքր մահերը՝ հիւանդութիւններ, տխրութիւններ, դժուարութիւններ եւն., երբ քրիստոսի նուիրենք զանոնք, անոնք մեր « բարիքին համար կը գործեն» ( Հռոմ. 8:28): Ի՞նչն է մեր բարիքը. մեր վերջնական փրկութիւնը:
Այս է եկեղեցւոյ հաւատքը, զոր մեզի փոխանցեցին սուրբ հայրերը: Սակայն քիչեր կ'ապրին այս հաւատքը. այլեւ շատ յաճախ մեր կեանքերը հակասութիւն են այս հաւատքին: Այս կը պատահի, որովհետեւ մարդկայնօրէն տկար ենք: Սակայն խնդիրը այն է, որ կը յանձնուինք մեր տկարութեան եւ կը սկսինք ապրիլ այնպէս մը, որ կարծէք Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն չառաւ: Մեր մոռնալը մեզի կը վերադարձնէ մեր հին մարդուն եւ այսպիսով կ'ըլլանք անունով քրիստոնեաներ, սակայն առանց ապրելու Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը:

Յառաջիկայ պահեցողութեան ժամանակ շրջանը ազդարարութիւն մը թող ըլլայ մեզի, որպէսզի հասկնանք Քրիստոսի բերած փրկութիւնը: Աղօթքով, ծոմապահութեամբ, եկեղեցւոյ արարողութիւններու մասնակցելով եւ սուրբերու կեանքերն ու յորդորները կարդալով, պայքարինք մինչեւ Ս. Յարութիւն:
Թող ապրինք ծոմապահութեան բերած իսկական ապաշխարութիւնը, որպէսզի վայելենք յարութեան զօրութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2025, 09:51